«Ազերպայճան COP29 կոչուող ֆեյքերու աննախադէպ ալիք կը պատրաստէ»։ Այդ մասին ընկերային ցանցերու մէջ գրած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն-Լոռանս Փեթէլ։
«Իրական Ազերպայճանը քարիւղի ու կազի պետութիւն է:
Բռնապետութիւն՝ ընդդէմ մարդկային իրաւունքներու:
2020 թուականին Ազերպայճան օգտագործած է ճիհատականներ եւ ֆոսֆորային ռումբեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
2023 թուականին օգտագործած է շրջափակումն ու սովը:
Բարի գալուստ CopOfShame (Ամօթի Cop)»,– գրած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։