Search
Close this search box.

ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ – ԱՍԹԱՆԱ – «Թումօ» եւ «Ասթանա հապ» կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է

Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեանի, Հոկտեմբեր 16-ին այցելած է «Ասթանա հապ» միջազգային կեդրոն, ծանօթանալով արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու բնագաւառին մէջ ղազախական կողմի փորձառութեան եւ գործունէութեան։ 

Այցելութեան աւարտին Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար կեդրոնի եւ Ղազախստանի «Ասթանա հապ» միջազգային կեդրոնի միջեւ յուշագիր ստորագրուած է, որով կողմերը իրենց մտադրութիւնը կը յայտնեն զարգացնելու կրթութեան, նորարարական արհեստագիտութիւններու եւ ստեղծարար արդիւնաբերութեան ոլորտներու համագործակցութիւնը:

Յուշագիրը ստորագրած են «Թումօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Բեկոր Փափազեան եւ «Ասթանա հապ»-ի ընդհանուր տնօրէն Մակճան Մատիեւ:

«Այսօր “Ասթանա հապի”-ի հետ ստորագրեցինք պայմանագիր, որու համաձայն՝ սոյն Արհեստական բանականութեան ազգային կեդրոնին մէջ կը բացուի Թումօ, արհեստագիտական հսկաներ Google-ի, TikTok-ի, InDrive-ի և EPAM-ի կողքին: Միասին նպատակ ունինք ղազախ պատանիները հզօրացնելու ապագայի համար անհրաժեշտ արհեստագիտական հմտութիւններով»,– կը նշեն Թումօ կեդրոնէն։