Search
Close this search box.

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է «3+3» հարթակի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ՝ Արարատ Միրզոյեանի

Պոլսոյ մէջ Հոկտեմբեր 18-ին, թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է տարածաշրջանային խորհրդակցութեան «3+3» հարթակի,– որ բաղկացած է Թուրքիայէն, Հայաստանէն, Իրանէն, Ռուսաստանէն, Ազերպայճանէն եւ Վրաստանէն, բայց վերջինս չէ մասնակցած նշեալ ժողովին,– երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ 

Նոյն օրը, նախքան հանդիպումը Էրտողան ընդունած է մասնակից նախարարները։

Միրզոյեան. «Հայաստան մեծ նշանակութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն ու շփումներուն»

Հանդիպման ունեցած ելոյթին նախարար Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն ու շփումներուն  եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ այս կարելիութիւնը ընձեռելուն համար։

“Շարունակական եւ անկեղծ երկխօսութիւնը, մարդոց միջեւ շփումներու խթանումը, առեւտրային եւ տնտեսական կապերու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու եւ ծրագրերու ներառականութեան (inclusion) ապահովումը կարեւոր նախապայմաններ են առկայ հակադրութիւններու յաղթահարման եւ մեր երկիրներու միջեւ աւելի լաւ համագործակցութեան, զարգացման ու բարեկեցութեան հասնելու համար։ Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ այս նպատակին հասնելու համար տարածաշրջանային բոլոր դերակատարներու պատասխանատու մօտեցումներն ու կառուցողական ջանքերը միաժամանակ մեծապէս կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմանը”,– յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը: Միրզոյեան ընդգծած է որ ներառական եւ ոչ-խտրական փոխադրական կապերու երկարամեայ ջատագով Հայաստան անկեղծօրէն հետաքրքրուած է տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրական բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով։ “Տարածաշրջանային կապերու ամրապնդման վերաբերեալ մեր տեսլականը յստակ արտացոլուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ, զոր Հայաստանի վարչապետը ներկայացուց տարի մը առաջ”,– ըսած է ան, նշելով թէ այս նախագիծի հիմնական նպատակն է զարգացնել հաղորդակցութիւնները տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ եւ անկէ անդին՝ ճամբաներու, երկաթուղիներու, խողովակաշարերու, մալուխներու (câbles) եւ ելեկտրագիծերու վերակառուցման, կառուցման եւ շահագործման միջոցով։ “Բայց,– աւելցուցած է ան,– այս նախագիծի իրականացման համար կարեւոր են չորս սկզբունքներ՝ բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան հանդէպ յարգանք, ինչպէս նաեւ հաւասարութիւն եւ փոխադարձութիւն”։ 

Միրզոյեան աւելցուցած է, որ իրականանալու պարագային՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը կրնայ դառնալ համաշխարհային հաղորդակցութեան երթուղիներու անբաժանելի մասը՝ ապահովելով ապրանքներու փոխադրութեան աւելի մեծ արագութիւն եւ արդիւնաւէտութիւն։

Հայաստանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Այս ժողովի շրջանակին մէջ, նախարար Միրզոյեան առանձին հանդիպումներ ալ ունեցած է Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Սեյետ Ապպաս Արաղչիի հետ տեսակցութեան՝ քննարկուած են համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղուած օրակարգային հարցեր: Միրզոյեան եւ Արաղչի միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ: Հարաւային Կովկասի կայունութեան ապահովման տեսլականի շրջանակին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, ներառեալ՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման կարեւորութեան։ Զրուցակիցները վերահաստատած են տարածաշրջանային տնտեսական եւ փոխադրական ուղիներու ապաշրջափակման հարցին մէջ իրենց սկզբունքային մօտեցումը՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգանքի վրայ։

ՄիրզոյեանՖիտան հանդիպումը

Միրզոյեանի եւ անոր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հանդիպման քննարկուած են երկկողմ օրակարգային հարցեր եւ ընդգծուած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղուած երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։ Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է այս գծով արդէն գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը։ Հանդիպումին նաեւ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ:

ՄիրզոյեանՊայրամով հանդիպումը

Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հանդիպումին՝  կողմերը շարունակած են «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» պայմանագրին շուրջ բանակցութիւնները եւ համաձայնած են շարունակել ջանքերը պայմանագրի վերջնականացման եւ սեղմ ժամանակի մէջ կնքման համար: