«Հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէ ծառայել եւ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ծառայական ներկայութիւն դառնալ հաւատացեալներու կեանքին մէջ»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս շեշտաւորումով Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղած է Պոսթընի հայութեան, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս պատարագի, որ մատուցուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 13-ին:
Պոսթընէն եւ շրջակայ արուարձաններէն հայորդիներ հոծ բազմութեամբ ներկայ եղած են պատարագին, լսելու՝ պատգամը Հայրապետին եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է ճաշ՝ ի պատիւ Վեհափառ հայրապետին:
Ճաշի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ասմունքով ու երգով ճոխացուած հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցած են:
Ճաշի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական յորդորը ուղղած է ներկաներուն: Ան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուցած է ժամանակակից աշխարհը՝ զայն բնորոշելով արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը, ընկերութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ապա, Հայրապետը մանրամասնելով յիշեալ փոփոխութիւնները՝ յայտնած է անոնց անդրադարձը հայ կեանքին մէջ: Մասնաւորելով իր խօսքը Սփիւռքի ներկայ կացութեան շուրջ՝ կաթողիկոսը շեշտած է Սփիւռքի վերակազմակերպումի հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ.- ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն՝ հայ կեանքին մէջ:
Ճաշի աւարտին, Վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան իշխան» շքաշնանով պարգեւատրած է Նուպար Աֆէեանը: Վերջինս խօսք առնելով՝ յիշած է իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը հայ կեանքէն ներս:
Նշենք, թէ Աֆէեան ամոլը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատւութիւններ ստանձնած է գաղութին մէջ:
Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունած է Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը, վերջինիս հետ քննարկելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Նուպար Աֆէեան Նորին Սրբութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագրերուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։