Հոկտեմբեր 15-ին, իրաւապաշտպաններ Արման Թաթոյեան եւ Գառնիկ Քերքոնեան Լորտերու պալատին մէջ փաստերով ներկայացուցած են հայ ժողովուրդի եւ հայկական ինքնութեան ոչնչացման դէմ Ազերպայճանի պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեաց ու ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը։ Անոնք արծարծած են նաեւ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հայրենիք վերադարձի եւ Ազերպայճանի իշխանութիւններու նկատմամբ պատասխանատւութեան ազդու միջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը։
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի հրաւէրով Լորտերու պալատին մէջ կազմակերպուած քննարկման մասնակցած են Պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անեթ Մոսկոֆեան, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։