Պոլսոյ մէջ Հոկտեմբեր 18-ին տեղի ունեցաւ 3+3 (Թուրքիա, Իրան, Ռուսաստան / Հայաստան, Ազերպայճան եւ Վրաստան. վերջինս չէ մասնակցած) ձեւաչափով՝ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու առանձնակի հանդիպումը։ Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան՝ Միրզոյեան եւ Պայրամով պիտի շարունակեն «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի շուրջ բանակցութիւնները. «համաձայնած են շարունակել իրենց ջանքերը պայմանագրի վերջնականացման եւ սեղմ ժամկէտի մէջ զայն կնքելու համար»։
Այս առթիւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա, Անգարա ու Թեհրան առաջարկած են Երեւանին ու Պաքուին 3+3 ձեւաչափը դիտարկել որպէս «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի շուրջ աշխատանքը շարունակելու եւ աւարտին հասցնելու հարթակ։ Յստակ է որ Ռուսաստանի, Իրանի ու Թուրքիոյ՝ տարածաշրջանի երրեակ այս ուժերու մտադրութիւնը Արեւմուտքը հեռու պահել է Հարաւային Կովկասէն։ Լաւրով չէ զլացած անգամ մը եւս պնդել, որ Հարաւային Կովկասի ամենամեծ սպառնալիքը՝ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւումն է. բնականաբար նկատի ունի ԱՄՆ-ն եւ մասնաւորապէս ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը։
Հակառակ յոռետես ենթադրութիւններու, 3+3 հարթակի Պոլսոյ հանդիպումին եզրափակիչ յայտարարութիւնը արտաքնապէս շատ դրական ու յուսադրիչ կոչ է,– մա՛նաւանդ՝ Հայաստանի կառավարութեան խօսոյթին համահունչ,– ուր նշուած է. «Ընդգծելով վէճերու խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը, նախարարները վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, երկիրներու ներքին գործերուն չմիջամտելու, ուժի սպառնալիքի կամ կիրառման բացառման եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի սկզբունքներուն։ Ունենալ բարիդրացիական յարաբերութիւններ, որոնք կը բխին փոխադարձ շահերու ուղղուած ընդհանուր ջանքերէ»։ Նախարարները ընդգծած են նաեւ՝ «տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան դրական դերը՝ վստահութեան, բարգաւաճման եւ կայունութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն»։ Մէկ խօսքով այս յայտարարութեան մէջ ներառուած են այն բոլոր սկզբունքները, որոնք բացի Հայաստանէն՝ ոտնակոխուած են միւս մասնակիցներուն կողմէ, յատկապէս՝ Ազերպայճանի։
Սկզբունքներէն անդին՝ այս յայտարարութիւնը ամբողջովին կը հակասէ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի յայտարարութեան, ուր ան դարձեալ պնդած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան վրայ, իբրեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու պայման։ Իսկ ի՞նչ ըսել Թուրքիոյ մասին, որ տակաւին Հայաստանի հետ սահմանի բացումը կը պայմանաւորէ Հայաստան–Ազերպայճան խաղաղութեան դաշինքով։
ԱՄՆ-ու նախագահի Եւրոպայի գրասենեակի աւագ տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըր Ճօ Պայտընի անձնական նամակները յանձնած է Ազերպայճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին, ուր ան կ՚ընդգծէ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովումին։
Միրզոյեան–Պայրամով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Սեպտեմբեր 26-ին Նիւ Եորք, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի նախաձեռնութեամբ։ Նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարած է, որ ԱՄՆ հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը երբեք չէ կապած Կլիմայի նոյեմբերեան վեհաժողովին հետ եւ շեշտած է որ պայմանագիրը ստորագրողները Հայաստանն ու Ազերպայճանն են, ոչ թէ Ուաշինկթընը։
Մէկ խօսքով՝ տարածաշրջանի եւ արտատարածաշրջանի դերակատարներէն ոչ մէկը ցանկութիւնն ու յանդգնութիւնը ունի Ազերպայճանը սանձելու կամ պատժելու։ Վերջինս իր Պաշտպանութեան նախարարի բերնով հրահանգած է բանակին պատրաստ ըլլալ դիմակայելու հայ վրիժառուներու (ռըվանշիստներու) յարձակումներուն։ ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութեան արդիւնքը եւ COP29 կլիմայի վեհաժողովի արդիւնքը կրնան իրավիճակը փոխել, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի լայնածաւալ յարձակում մը Իրանի վրայ։ Այլապէս՝ ոչ-պատերազմ, ոչ-խաղաղութիւն դրութիւնը կրնայ դեռ երկա՜ր շարունակուիլ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։