Search
Close this search box.

Նախկին նախագահ Տէր-Պետրոսեան Ֆրանսայի դեսպանին հետ քննարկած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը

Հայաստանի առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր առանձնատան մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։ Լուրը կը հաղորդէ Տէր-Պետրոսեանի մամլոյ բանբեր Արման Մուսինեան։

Դեսպանին խնդրանքով Տէր-Պետրոսեան անդրադարձած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի ներկայի ծանր կացութեան մէջ Ֆրանսայի կառավարութեան ցուցաբերած անկեղծ եւ սկզբունքային աջակցութեան համար: Ան յատկապէս մատնանշած է Շառլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան եւ Միսաք ու Մելինէ Մանուշեանի աճիւններու Պանթէոն ամփոփման հոգեցունց եւ խորհրդանշական պետական արարողութիւնները։

Հանդիպումին ներկայ եղած է առաջին նախագահի գրասենեակի տնօրէն Աւետիս Աւագեան։

Դեսպան Տըքոթինյի հանդիպման մասին X ընկերային ցանցի իր հաշիւին հետեւեալը գրած է. «Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան պատիւ ըրաւ զիս ընդունելով՝ Հայաստանի իրավիճակի եւ մեր երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն շուրջ գաղափարներ փոխանակելու համար»: