Search
Close this search box.

Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան «Վահան Թէքէեան» մրցանակի դափնեկիր

Սուրէն Դանիէլեան

Հոկտեմբեր 23-ին, Թէքէեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Վահան Թէքէեան» տարեկան միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս մրցանակը կ՚արժեւորէ մշակոյթի եւ գիտութեան բնագաւառի նուիրեալներու աշխատանքը։

Տօնական ձեռնարկին մասնակցած են գրականութեան եւ մշակոյթի ոլորտի անուանի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) ղեկավար կազմը, արուեստասէրներ։

30-րդ յոբելինական մրցանակաբաշխութեան մրցանակներ յանձնուած են գրականութիւն, հայագիտութիւն, կերպարուեստ, զարդարում-կիրառական արուեստ անուանակարգերու մէջ, ինչպէս նաեւ յատուկ անուանագարկի մը մէջ՝ Վահան Թէքէեանին նուիրուած աշխատութեան համար։

«Հայագիտութիւն» անուանակարգին մէջ «Վահան Թէքէեան» մրցանակին արժանացած է փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան՝ «Օշականի ստեղծագործական հիմնախնդիրները․ մեկնութիւն եւ “մանրուքներ”» գիրքին համար։

ՀՊՄՀ-ի գիտական խորհուրդի որոշումով հրատարակուած սոյն մենագրութիւնը նուիրուած է 20-40-ական թուականներու վիպերգութեան անվիճելի առաջատար, անցեալ դարասկզբի արձակի ակնառու վարպետ Յակոբ Օշականին։

Մրցանակաբաշխութեան դատակազմի նախագահ Ամատունի Վիրաբեանի համաձայն՝ Սուրէն Դանիէլեանի հատորը խոր վերլուծական աշխատութիւն մըն է, որ կը զարդարէ գրականագիտոութեան ասպարէզը՝ ապագայ սերունդներուն, գրականագէտներուն հետազօտական աշխատանքի առատ նիւթ հայթայթելով։

Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնած է գնահատանքին համար՝ զայն վերագրելով Յակոբ Օշականին, որ բացաւ Սփիւռքի ու Հայաստանի դռները՝ իր ստեղծագործութիւնը ճանաչելի դարձնելու առումով․ “Օշականի կեանքը դժուարին էր․ երկար ժամանակ ընկալելի չէին ո՛չ անոր արձակը, ո՛չ չափածոն, բայց ժամանակը ապացուցեց, որ ան իրապէս առաջնորդող ուժ էր”,– ընդգծած է Դանիէլեան։

Նշենք, թէ այս տարի «Վահան Թէքէեան» մրցանակին համար դիմում ներկայացուցած էին շուրջ 50 հեղինակներ։

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին հանդէս եկած է Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը՝ Լեւոն Սարդարեանի ղեկավարութեամբ:

***

Յիշեցնենք, թէ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան Հայաստանի մէջ գործածուող արեւելահայերէնի ուղղագրութեան դասականացման ջատագով մըն է, այդ նպատակին ի խնդիր պայքարի անվհատ առաջամարտիկներէն։

Խմբագրական