Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Երուանդ Մանարեանի արձանի բացման արարողութիւնը

Հոկտեմբեր 31-ին, Երեւանի Սայաթ Նովա պողոտայի թիւ 4 հասցէին յարող տարածքին՝ Տիկնիկային թատրոնին դիմացը տեղադրուած է բեմադիր, բեմագիր, դերասան Երուանդ Մանարեանի 2,8 մեթր բարձրութեամբ արձանը, արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։

Արարողութեան ներկայ գտնուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Մանարեանի որդին՝ Քրիստ Մանարեան, մշակութային գործիչներ, արուեստասէրներ։

Կառավարութեան որոշումով 65 միլիոն դրամ յատկացուած է արձանի պատրաստութեան եւ տեղադրման աշխատանքներուն համար: 

Պրոնզաձոյլ արձանի հեղինակը քանդակագործ Արմենակ Վարդանեանն է, ճարտարապետը՝ Միքայէլ Միսակեան։ 

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Երուանդ Մանարեանի 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթի հրապարակման արարողութիւնը։ Բացուած է նաեւ անոր լուսանկարներու ցուցահանդէսը: