Փասքալ Կոլնիշ կը դիմէ հանրութեան
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5-ի երեկոյեան, Էյֆէլեան աշտարակին հանդիպակաց՝ Թրոքատերոյի բացատին վրայ տեղի ունեցաւ «Oeuvre d’Orient»-ի, CCAF-ի եւ Արցախի զօրակցութեան ընկերակցութեան միասնաբար կազմակերպած հանրահաւաքը՝ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։
«Ո՛չ Ազերպայճանի մէջ COP29-ին, առանց գերիներու ազատ արձակման» կարգախօսով հանրահաւաքին ներկայ էր քանի մը հարիւր հոգինոց բազմութիւն մը, բայց դժբախտաբար՝ ակնկալուածէն նուազ։ Հոն էին նաեւ Ֆրանսայի քաղաքական ասպարէզի հանրածանօթ դէմքեր, ինչպէս Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Զաւիէ Պերթրան, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Ռաֆայէլ Կլիւքսման եւ ուրիշներ։
Ելոյթներ ունեցան «Oeuvre d’Orient»-ի ընդհ. տնօրէն Փասքալ Կոլնիշ, CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, եւրոերեսփոխաններ Պելամի եւ Կլիւքսման, որոնք բոլորն ալ դատապարտելով Ազերպայճանի ապօրինի քայլերը ընդհանրապէս, եւ հայ 23 պատանդներու, որոնց մէջ Արցախի նախկին ղեկավարներուն գերեվարումը՝ յատկապէս, կոչ ըրին միջազգային հանրութեան, որ COP29 համաժողովին ընդառաջ՝ ճնշում բանեցնէ Պաքուի վրայ, ձեռք ձգելու համար անոնց ազատ արձակումը։
Էյֆէլեան աշտարակին հանդիպակաց բացատին վրայ կը պլպլային 23 մոմեր՝ 23 հայ գերիներու անունով։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։