Search
Close this search box.

Յոբելինական գիտաժողով՝ նուիրուած Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին

 

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ Ազգային ակադեմիայի յարկին տակ Նոյեմբեր 5-7 տեղի ունեցած է Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելինական գիտաժողով մը։ Ներկայ եղած են գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներու ներկայացուցիչներ։

Իր բացման խօսքին մէջ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան կարեւոր համարած է նման գիտաժողովներու կազմակերպումը՝ նշելով, որ Պարոյր Սեւակ այն մտաւորականներէն է, որու թողած ժառանգութիւնը շատ բազմաշերտ է եւ գիտաժողովը յարմար առիթ մըն է՝ վերլուծելու անոր գիտական ու գրական գործունէութեան տարբեր բաղադրիչները։

Նախարարուհին անդրադարձած է նաեւ Սեւակի հասարակագիտական, գրական-հրապարակախօսական ժառանգութեան ու թարգմանական գործունէութեան կարեւորութեան՝ զանոնք դիտարկելով իբրեւ առանձին ուշադրութեան արժանի ուսումնասիրութեան նիւթ:

Գիտաժողովի ընթացքին մասնագէտները ներկայացուցած են զեկոյցներ՝ Պարոյր Սեւակի կեանքի ու գրական գործունէութեան մասին, վերլուծելով անոր լեզուական արուեստը, բանաստեղծութիւնը՝ հայ երաժշտութեան մէջ, պատմափիլիսոփայութիւնը եւ Սեւակագիտութեան արդի խնդիրները: