Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ.– «Ամբողջ աշխարհ ընդունած է Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքները»

Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ 2021 թուականը յաջող տարի մըն էր իր երկրին համար եւ առաջադրուած բոլոր խնդիրները իրագործուած են։

Ալիեւ աւելցուցած է, թէ՝ «ամբողջ աշխարհ ընդունեց Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի արդիւնքները։ Ըստ իս, պատերազմէն ետք տեղի ունեցած գործընթացները անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհին ապացուցեցին մեր իրաւացի ըլլալը։ Այս երեւոյթը շատ կարեւոր է, քանի որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մեր հասցէին անհիմն մեղադրանքներ կը հնչէին, որոնցմէ ո՛չ մէկը հաստատուեցաւ։ Հետեւաբար, կ՚ենթադրեմ, թէ ռազմական եւ յետպատերազմեան իրողութիւնները՝ աշխարհին կողմէ ընդունուիլը, քաղաքական տեսանկիւնէն կարելի է շատ կարեւոր իրադարձութիւն համարել»,– ընդգծած է ան։