Search
Close this search box.

Կրեթա Թունպերկ Հայաստան կ՚այցելէ

Կրեթա Թունպերկ (աջէն երկրորդը)՝ Հաղպատի վանքին առջեւ,
«Կլիմայական արդարութեան հայկական նախաձեռնութեան» անդամներու հետ

Համաշ­խարհայ­նօ­րէն ծա­նօթ շո­ւէտա­ցի բնա­պահ գոր­ծիչ Կրե­թա Թուն­պերկ COP29-ին ըն­դա­ռաջ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մի­ջոցով բազ­մա­թիւ բո­ղոքի կո­չերով հան­դէս գա­լէ ետք նման բնոյ­թի հա­մաժո­ղովի մը Պա­քուի մէջ կազ­մա­կերպման դէմ, նշեալ հա­մաժո­ղովին առի­թով ալ տա­րածաշրջան մեկ­նած էր իր ձայ­նը «աւե­լի մօ­տէն» լսե­լի դարձնե­լու հա­մար։ 

Նո­յեմ­բեր 11-ին՝ COP29-ի բաց­ման օրը, Թիֆ­լի­սի մէջ ան գլխա­ւորած է վրա­ցական խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րու կեղ­ծիքնե­րուն դէմ բո­ղոքե­լու հա­մար փո­ղոց իջած ցու­ցա­րար­նե­րու խումբը։ Ցոյ­ցը, անոր միացու­մով, աւե­լի ընդգրկուն բնա­բան մը ստա­ցած է եւ դար­ձած տա­րածաշրջա­նի՝ Վրաս­տա­նի, Ազեր­պայճա­նի, Ռու­սաստա­նի ու Իրա­նի բռնապետութիւններուն դէմ բո­ղոքի շար­ժումի մը։

Նո­յեմ­բեր 12-ին, Թունպերկ Վրաս­տա­նէն Հա­յաս­տան ան­ցած է, «Կլի­մայա­կան ար­դա­րու­թեան հայ­կա­կան նա­խաձեռ­նութեան» միջ­նորդու­թեամբ։

Այս մա­սին Նա­խաձեռ­նութիւ­նը Դի­մագիր­քի իր էջին կը գրէ.

«Ու­րախ ենք տե­ղեկաց­նել, որ Գրե­տա Թունբեր­գը՝ բնա­պահ­պա­նական ակ­տի­ւութեան աշ­խարհի առա­ջատար ձայ­նե­րից մէկը, ժա­մանել է Հա­յաս­տան։ Այ­սօր “Կլի­մայա­կան ար­դա­րութեան հայ­կա­կան նա­խաձեռ­նութեան” ան­դամնե­րը եւ բնա­պահ­պան ակ­տի­ւիստնե­րը ջեր­մօրէն ող­ջունե­ցին Գրե­տային։ Նրանք միասին այ­ցե­լեցին Հաղ­պա­տի հի­նաւուրց վան­քը,– որն ար­ժէքաւոր հայ­կա­կան ժա­ռան­գութիւն է,– նրա հետ մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թի մի մաս­նի­կը կի­սելու հա­մար։ Գրե­տան բոյ­կո­տում է COP29-ը՝ Ադրբե­ջանում անցկաց­ուե­լու պատ­ճա­ռով։ Փո­խարէնը նա որո­շել է հա­մե­րաշ­խու­­թիւ­նը յայտնել Հա­յաս­տանին»։