Թրամփի ընտրութիւնը Արեւմուտք-Արեւելք քաղաքական հաւասարակշռութիւններն ու հաշիւները խառնեց։ Ընտրապայքարի ժամանակ անոր յայտարարութիւնը թէ՝ 24 ժամուան մէջ կրնայ վերջ տալ Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմին, ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն համար անընդունելի էր եւ դեռ անընդունելի կը մնայ։ Այս առումով ՕԹԱՆ-ի նոր ղեկավար Մարք Ռութի խիստ դիմադարձութիւնը թէ ԱՄՆ-ն կրնայ հեռացուիլ ՕԹԱՆ-էն եթէ Ուքրանիան յանձնէ Ռուսաստանին, ցոյց կու տայ եւրոպացիներուն կատաղի վճռակամութիւնը տեղի չտալու նոյնիսկ ներկայ պայմաններուն մէջ երբ ռազմաճակատին ռուսական ուժերու յառաջխաղացումը զգալի է։ Ուքրաինայի հարցէն զատ, «Նախ Ամերիկան» կարգախօսով նախագահ ընտրուած Թրամփ կ՚ուզէ ազգային շահերու վրայ հիմնուած մաքսապաշտպանական նոր աշխարհակարգ մը ձեւաւորել՝ քանդելով արեւմտեան ազատական աշխարհակարգը, որ նոյնիսկ արեւմտեան պետութիւններու միջեւ մրցակցութեան ու հակամարտութեան նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ։
Ուքրաինայի պատերազմին խաղաղութեամբ վերջ տալու մասին՝ այսպէս խոստումներ շռայլած Թրամփ չակնարկեց սակայն պաղեստինցիներուն եւ լիբանանցիներուն դէմ Իսրայէլի ծաւալած ցեղասպանական պատերազմի կասեցման մասին, որքան ալ իսրայէլական քարոզչամեքենան զայն յորջորջէ Համասի ու Հեզպալլահի դէմ պատերազմ։ Սակայն, ան անդրադարձաւ Իրանի իսլամական իշխանութեան դէմ պայքարելու մասին։ Բնականաբար, Թրամփի ընտրութեան գլխաւոր ուրախացողը եղաւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու, որ Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր ոչ մէկ շօշափելի յաջողութիւն արձանագրեց, ոչ պատանդներու ազատ արձակման, ոչ Համասի ամբողջական վերացման կամ Լիբանանի հարաւը մուտք գործելու եւ Հեզպալլահը բոլորովին ոչնչացնելու նպատակին մէջ։ Միակ «ձեռքբերումը» եղաւ օդային լայնածաւալ յարձակումներով՝ բնակելի թաղամասերու հիմնայատակ կործանումը եւ Համասի կամ Հեզպալլահի բարձրաստիճան ղեկավարներու սպանութիւնը։
Հարց է՝ արդեօք Թրամփի շուկայամէտ տրամաբանութիւնը պիտի ազդէ՞ նաեւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը գանձատրելու քաղաքականութեան վրայ։ Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր, Իսրայէլ «վայելած» է ԱՄՆ-ու շուրջ 18 միլիառ տոլարի տնտեսական ու ռազմական օգնութիւնը, քաղաքական զօրակցութեան կողքին։ Աւարտ չունեցող պատերազմը արեւմտեան հասարակութեան մէջ պայթիւնավտանգ երկփեղկում ստեղծած է։ Պատերազմ մը որ տարածաշրջանային պատերազմի վերածուելու բոլոր բաղադրիչները ունի։
Սոյն երեւոյթներուն դիմաց, Ռուսաստան իր դիրքերը զօրացուց BRICS հարթակը ստեղծելով, Իրանի եւ Հիւսիսային Գորէայի հետ ռազմական գործակցութիւն հաստատելով։ Իրան եւս Արեւմուտքին եւ Իսրայէլի դիմակայելու նոր հարթակներ կը ստեղծէ, որոնցմէ վերջինը Իրան-Սաուտական Արաբիա միասնական ծովային ռազմափորձեր կատարելու համաձայնութիւնն է, որ ցոյց կու տայ Իսրայէլի հանդէպ արաբական երկիրներու դիրքորոշումի փոփոխութիւնը, անցեալին նախագահ Թրամփի հովանաւորութեամբ ստորագրուած Աբրահամի համաձայնութիւններէն հրաժարումը։
ՄԱԿ-ի կլիմայի պաշտպանութեան ոլորտն ալ Թրամփի նախագահ ընտրութեամբ՝ արեւմտեան նախկին դաշնակիցներու միջեւ նոր հակադրութեան դաշտ մը կը ստեղծէ։ COP29-ի Պաքուի մէջ կայացումը արդէն բազմաթիւ դժգոհութիւններ ստեղծեց Ազերպայճանի վարչակարգին՝ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն, քարիւղի վրայ հիմնուած տնտեսութեան եւ Հայաստանի հանդէպ թշնամական վերաբերումին, ռազմագերիներու ազատ արձակման յամառ մերժումին, Արցախի ցեղային մաքրագործման պատճառներով, որոնց վրայ հիմա կ՚աւելնայ նաեւ աշխարհի հզօրագոյն տնտեսութեան հակառակութիւնը երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացման դէմ պայքարին։
Ի տես աշխարհաքաղաքական այս բարդ ու ողբալի կացութեան, դժուար է ըսել թէ ԱՄՆ-ու պահպանողական նորընտիր նախագահին համար Հարաւային Կովկասը առաջնահերթութիւն ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ընտրապայքարի ժամանակ ակնարկած է քրիստոնեաներու պաշտպանութեան։ Քարիւղէն անդին՝ տարածաշրջանը մեծ խաղացողները չի հետաքրքրեր։ Իսկ Հայաստան բնական պաշարներով հարուստ երկիր մը չէ։ Տնտեսական դիտանկիւնէն՝ միակ հետաքրքրութիւնը որ կրնայ ներկայացնել՝ Ծայրագոյն արեւելքէն դէպի արեւմուտք առաջնորդող, Ազերպայճանը Թուրքիոյ կապող, Սիւնիքէն անցնող միջին ճանապարհի ծրագիրն է, որ կրնայ սեպուիլ Ռուսաստանէն ու Չինաստանէն ձերբազատուելու միջոց։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։