Search
Close this search box.

Ուրուկուայի խորհրդարանի 45 երեսփոխաններ կոչ ուղղած են Ազերպայճանին ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիներն ու պատանդները

Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերա, Ուրուկուայի նախկին նախագահներ Խուլիօ Մարիա Սանկինեթթի եւ Լուիս Ալպերթօ Հերերա, 45 երեսփոխան եւ 4 ծերակուտական Ազերպայճանին կոչ յղած են ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիներն ու պատանդները:

«Կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ կ՚ընդգծենք մեր յարգանքը երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական խնդիրներու լուծումը։

Այս կացութաձեւին մէջ կոչ կ՚ընենք Ազերպայճանին՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ամէնամեայ հեղինակաւոր համաժողովը՝ COP29-ը հիւրընկալող երկրին, անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիներն ու պատանդները՝ այդպէսով ամրապնդելով երկու կողմերու միջեւ վստահութիւնը՝ հաշտեցման այս պատմական պահուն։ Միաժամանակ, կը շեշտենք ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ ու ատելութեան խօսքերէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը չխոչընդոտելու համար»,– նշուած է խորհրդարանականներու հրապարակած յայտարարութեան մէջ։