44-օրեայ պատերազմի ժամանակ՝ 2020 Հոկտեմբերին, ՀՀ կառավարութեան որոշումով արգիլուած էր նոյն տարուան Դեկտեմբեր 31-էն Հայաստան ներածել թրքական ապրանքներ՝ «հաշուի առնելով քանիցս հաստատուած փաստերը, ըստ որոնց, Թուրքիան բացայայտօրէն աջակցում ու սատարում է Ադրբեջանի կողմից՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւններին»։
Արգելքը առաջին հերթին սահմանուած էր կէս տարիով, այնուհետեւ 2021 Յունիսին երկարաձգուած էր կէս տարի եւս, որու պայմանաժամը կ՚աւարտէր Դեկտեմբեր 31-ին։
Հակառակ անոր, որ երկու շաբաթ առաջ Տնտեսութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ արգելքը վեց ամիս եւս երկարաձգելու որոշումի նախագիծ կը մշակուի, բայց եւ այնպէս հարցը տարբեր ճակատագիր ունեցած է կառավարութեան օրակարգին մէջ։
Այսպէս, Դեկտեմբեր 30-ին՝ գործադիրի վերջին նիստի օրակարգին նման որոշումի նախագիծ չէ եղած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մէկ տարիէ ի վեր գործադրուող արգելքը 2022 Յունուար 1-էն այլեւս ի զօրու չէ։
Աւելի ուշ, Տնտեսութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարութեամբ մը հաստատած է եղելութիւնը, տեղեկացնելով որ՝ միջգերատեսչական քննարկումներէ ետք որոշուած է չերկարաձգել թրքական ապրանքներու ներածման արգելքը: Այդ արգելքին վերացումով՝ փոխադարձութեան սկզբունքով կ՚ակնկալուի, որ հայկական ապրանքներու արտածման համար կը ստեղծուին աւելի բարենպաստ պայմաններ։
Նախարարութեան հաղորդման համաձայն` վերջին մէկ տարուան ընթացքին թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքը ունեցած է դրական եւ բացասական տնտեսական հետեւանքներ։
«Քիչ չեն նաեւ մեր գործարարների կողմից դիմումներն ու խնդրանքները թուրքական ապրանքների ներմուծման վրայ եղած արգելանքը հանելու մասին»,– նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։