Search
Close this search box.

ՔՈՒԷՅԹ – «Մոռցուած հայրենիք» ֆիլմին ցուցադրութիւնը

Նոյեմբեր 13-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ ցուցադրուած է բեմադիր Իսամ Նաճիի «Մոռցուած հայրենիք» ֆիլմը։ Երեկոյթը կազմակերպած է Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբը:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան, Հայաստանի դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան, համայնքին մէջ գործող ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ցուցադրութենէն ետք, Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ պարգեւատրուած են Հայաստանի դեսպանը, տեղացի եւ օտար բարեկամներ, որոնք իրենց աշխատանքներով միշտ թիկունք հանդիսացած են հայ ժողովուրդին: