Նոյեմբեր 16-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) կողմէ կազմակերպուած երեկոյթը՝ նուիրուած Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան զարգացման ու նորարարութեան խթանման, մասնակցութեամբ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի։
Երեկոյթին բանախօսներն էին «Flagship Pioneering» ընկերութեան հիմնադիր և գործադիր տնօրէն, «FAST» հիմնադրամի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան, Ֆրանսայի «Ազգային արժանիքի» ասպետ, արհեստական բանականութեան ուսումնասիրութիւններու վրայ մասնագիտացած «Mistral AI» ընկերութեան հիմնադիր Ժան-Շառլ Սամուէլեան, «FAST» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Անտրէ Անտոնեան։
Ձեռնարկին հիւրերն էին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի եւ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող հայկական «Picsart» ընկերութեան հիմնադիր Յովհաննէս Աւոյեան։
Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, ֆրանսացի խորհրդարանականներ, նոր արհեստագիտութիւններու բնագաւառին մէջ մասնագիտացած ընկերութիւններու, ֆրանսահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։