Պոլսահայ հանրածանօթ բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատընտիր մը:
Նոյեմբեր 18-ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած նոր հատորի շնորհահանդէսին նախագահեց Սահակ Բ. պատրիարք հայրը: Հանդիսութեան մասնակցելու համար Երեւանէն ժամանած էին բժիշկ, գրող-հրապարակախօս, ազգային գործիչ Յակոբ Այնթապլեան, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեան:
Հանդիսութեան մասնակցեցան միաբան հայրեր, քահանայից դասու անդամներ, ժառանգաւորներ եւ համայնքի մշակութասէր անդամներ:
Օրուան հանդիսավարներն էին Դալար Պաղտասարեան եւ Պօղոս Չալկըճեան, որոնք յայտագրի ընթացքին բանաստեղծութիւններ կարդացին Զահրատէն:
Հանդիսութեան ընթացքին համայնաքային լիսէներու սաներ Զահրատէն բանաստեղծութիւններ արտասանեցին։
Ապա Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Սայեաթ Նովայէն «Գիր սիրէ, ղալամ սիրէ, դաւթար սիրէ» խօսքերով սկսելով, պատմեց նորատիպ հատընտիրի ոդիսականը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ հատորի գաղափարը յղացած ու մեկենաս Յակոբ Այնթապլեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հրատարակութեան յաջողութեան առթիւ, բարձր գնահատելով պոլսահայ գրականութիւնն ու Զահրատի բանաստեղծութիւնները։
«Զահրատ-100. Հատընտիր»-ը Պատրիարքական Աթոռոյ եւ «Եղիշէ Չարենց» թանգարանի համագործակցութեան արդիւնքն է։ Զահրատի դիւանը մեծ մասամբ կը գտնուի այս թանգարանին մէջ։ Այս առթիւ հրաւիրուեցաւ թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեան, որ յայտնեց թէ Զահրատի արխիւը, շնորհիւ բանաստեղծի կողակից՝ Անայիս Եալտըզճեանի նուիրատւութեան, կը գտնուի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Սիլվա Կոմիկեան, որ արտասանեց Զահրատէն ընտրած բանաստեղծութիւններու փունջ մը։
Այնուհետեւ երգերով հանդէս եկան Երեւանէն յատկապէս ժամանած Լուիզա Երեմեան եւ պոլսահայ արուեստագէտ Արթիւր Պաղտասարեան։
Պօղոս Չալկըճեան կարդաց Զահրատի վերջին բանաստեղծութիւնը, որ գրի առած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ, իր մահէն քիչ առաջ՝ Փետրուար 2007-ին։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք հայրը. ան յարգանքով յիշատակեց եւ վեր առաւ Զահրատի անձին ու բանաստեղծութեան արժէքը, գնահատելով նաեւ գիրքի գաղափարը յղացած եւ մեկենաս Յակոբ Այնթապլեանը, գիրքը կազմած ու հրատարակութեան պատրաստած Յովակիմ վրդ. Սերովբեանը, ինչպէս նաեւ յայտագրին դերակատարները: Մաշալեան պատրիարք խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, ըսաւ. «Մայրենիով մեծցէք եւ մայրենին պանծացուցէք ձեր շրթներուն վրայ»:
Հոգեւոր պետը գնահատութեան գիրեր յանձնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ ներդրում ունեցողներուն:
Ապա, Յովակիմ վրդ. Սերովբեանի եւ տոքթ. Այնթապլեանի հետ կատարեց նորատիպ հատորին գինեձօնը։
Հուսկ’ ներկաները հիւրասիրուեցան Պատրիարքարանի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններու շուրջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։