Search
Close this search box.

Պաքուէն հնչած «անընդունելի արտայայտութիւններ»-էն յետոյ Փարիզ բացատրութիւն տալու կանչած է Ազերպայճանի դեսպանը

Ֆրանսայի մէջ Ազերպայհանի դեսպան Լեյլա Ապտուլաեւա

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Երեքշաբթի, նոյեմբեր 19-ին, բացատրութեան համար կանչած է Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Լեյլա Ապտուլաեւան՝ COP29-ի ընթացքին Պաքուէն հնչած «անընդունելի մեկնաբանութիւններ»-էն յետոյ։

«Դեսպանը կը կանչուի COP29-ի շրջանակին մէջ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն՝ Ֆրանսայի եւ եւրոպացիներու հասցէին անընդունելի արտայայտութիւններ ունենալէն ետք, որոնց պատճառով Բնապահական փոխանցման նախարարուհի Անիէս Փանիէ-Ռիւնաշէ ստիպուեցաւ ջնջել իր մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի այս համաժողովին»,– ըսուած է Քէ տ՚Օրսէի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, ուր նշուած է նաեւ որ՝ «Ազերպայճանի թշնամական գործողութիւնները պէտք է վերջ գտնեն»: