Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ռազմածովային ուժերը միատեղ «SAT-SAS-2024» ռազմափորձերու կը մասնակցին, որոնք կ՚ընթանան Թուրքիոյ «Աքսազ» ռազմածովային յենակէտին մէջ։ Ըստ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ ռազմածովային ուժերու յատուկ ստորաբաժանումները Նոյեմբեր 21-ին նաւերու գրաւման փորձեր կատարած են։
Յաջորդ օրերուն երկու երկիրներու ստորաբաժանումները ցամաքային եւ ծովային մարտավարութիւն կը մշակեն՝ ուղղաթիռէն վայրէջք կատարելով, պայմանական ափամերձ տարածքներ գրաւելով, չպայթած զինամթերքի որոնման և ոչնչացման փորձեր կատարելով։
Ռազմափորձերը կը շարունակուին մինչեւ Նոյեմբեր 29։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։