Նոյեմբեր 19-ին, Իտալիոյ Ներկայացուցիչներու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ մը՝ նուիրուած իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի ՛«Արտոյտներու ագարակը» գիրքի 20-ամեակին, հանդիսավարութեամբ՝ լրագրող, «Երթ՝ առանց վերադարձի. Հայոց ցեղասպանութիւն» հատորի հեղինակ Ֆրանքա Ճիանսոլտաթիի:
Ելոյթներով հանդէս եկած են Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, գիրքին հիման վրայ նկարահանուած ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ՝ երգահան Ճուլիանօ Թավիանի, Անթոնիա Արսլան եւ Մանհեթընի համալսարանi (Նիւ Եորք) Քրիստոնէական փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆ. Շոպհան Նաշ-Մարշալ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։