Search
Close this search box.

«Գեղարդ». «Նոյի դամբարանի ազերպայճանական իւրացումը»

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը ահազանգ կը հնչեցնէ Նոյի դամբարանի ազերպայճանական իւրացման մասին.

«Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուած համաշխարհային ջրհեղեղին կ՚առնչուի Նախիջեւան անունը, իսկ Նախիջեւան քաղաքը կը համարուի Նոյ նահապետի կողմէ հիմնադրուած հնագոյն բնակավայրերէն մէկը Հայաստանի մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ Նոյը, Աստուծոյ կամքով փրկուելով ջրհեղեղէն, Արարատ լեռան գագաթէն իջած է մերձակայ հարթավայրը եւ իջեւանած վայրի մը մէջ, որ հետագային կոչուած է Նախիջեւան («նախնական իջեւան»)։ Բազմաթիւ պատմութիւններ կան, թէ Նոյ նահապետը թաղուած է Նախիջեւանի մէջ: 13-րդ դարու հայ պատմիչ Վարդան Արեւելցի կը գրէ․ “Ի Նախջուան է տապանն մեծ նահապետին Նոյի եւ Նեմզարայ ի Մարանդ”։

Կ՚ըսուի, թէ Նոյի դամբարանը գտնուած է Նախիջեւան քաղաքի հարաւային կողմը՝ հայկական հին գերեզմանատան մէջ։ Դամբարան-մատուռը երկյարկանի եղած է։ Նախիջեւանի քաղաքային ուսումնարանի տեսուչ, մանկավարժ Կ. Ա. Նիկիթին նշած է, թէ Նոյի գերեզմանը գտնուած է քաղաքի հարաւային կողմը՝ հին բերդի մնացորդներուն մօտ։ Իր ներկայի տեսքով ան վերականգնուած է պարսիկներու կողմէ։ Հոն նախապէս եկեղեցի եղած է, որ հետագային աւերուած է, սակայն մատուռը նախկին եկեղեցւոյ մնացորդն է։ Մատուռի ներքին տեսքը  քարայրի կը նմանի՝ մէջտեղը կամարներով յենած քարէ սիւնով: Ըստ հայկական աւանդութեան՝ հոն կը գտնուին Նոյ նահապետի մասունքները։ Ռուս ծանօթ գրող եւ ճանապարհորդ Եւկենի Մարքով կը նշէ, թէ Նախիջեւան կը գտնուի այն վայրը, ուր ըստ հայերու հաւատալիքներուն, տապանէն դուրս ելլելէ ետք հաստատուած, ապա մահացած է Նոյ նահապետը, իսկ “Նախիջեւան” բառը հին հայերէնի մէջ բառացիօրէն կը նշանակէր “առաջին բնակավայր”։ Նոյի գերեզմանի մասին կը յիշատակէ նաեւ պատմաբան եւ ազգագրագէտ Իվան Շոփէն։

1852-ին հրատարակուած “Կովկասեան օրացոյց”-ին մէջ նշուած է, որ հայկական բազմաթիւ յուշարձաններ մահմետականներու կողմէ ենթարկուած են աւերածութիւններու։ Կանգուն մնացած է Նոյի դամբարանը, որ կը համարուի հայկական քրիստոնէական կառոյց։

1930-ական թուականներուն Նախիջեւանի ազերպայճանական իշխանութիւնները աւերած են մատուռը։ Սակայն 2006-ին ազերպայճանցիները “վերյիշած” են այդ յուշարձանի մասին՝ վերականգնելով զայն մահմետական յուշարձաններուն յատուկ ոճով:

Հարկ է նշել, թէ Նոյի դամբարանը Նախիջեւանի մէջ եղած հայկական միւս կոթողներու նման հիմնայատակ չէ աւերուած մի՛այն այն պատճառով, որ մահմետականները Նոյ նահապետը եւս համարած են մեծ մարգարէ: Աւելցնենք, թէ ներկայիս ազերպայճանական քարոզչամեքենան կը փորձէ ապացուցել, որ դամբարանը մահմետական մշակութային կոթող մըն է՝ ժխտելով ակնյայտ փաստերն ու վկայութիւնները, որ ան եղած է հայկական սրբատեղի, ուխտատեղի ու դարեր շարունակ կանգուն մնացած է հայերուն շնորհիւ»։