Search
Close this search box.

ԼԻՈՆ – Համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի եւ  Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւններուն

Նոյեմբեր 21-ին, Լիոնի մէջ ընթացող « Օվերնեը-Ռոն-Ալփ – Հայաստան- Սիւնիք բարեկամութեան օր»-ուան շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով մը՝ նուիրուած Հայաստանի եւ նշեալ շրջանին միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն։ Ներկայ էր Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։

Նախ ելոյթ ունեցաւ Օվերնեը-Ռոն-Ալփի փոխնախագահ Ֆիլիփ Միւնիէ, որ ողջունելէ ետք Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, վերահաստատեց Շրջանի յանձնառութիւնը՝ նոր թափ հաղորդելու Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութեան։ Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոջոյեան, որ իր կարգին ընդգծեց երկու երկիրներու միջեւ տնտեսութեան բնագաւառէն ներս տակաւին չպեղուած ներուժը եւ այդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու անհրաժեշտութիւնը։

Համաժողովի ընթացքին ֆրանսական երկու ձեռնարկութիւններու՝ «Veolia» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Լաֆորէ եւ «Nepsen» ընկերութեան ներկայացուցիչ Մանոն տ՚Հոթիւիլ անդրադարձան Հայաստանի մէջ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու իրենց փորձառութեան։

Ներդրումներու աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէնուհի Գոհար Գալեան եւ Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի ձեռնարկութիւններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ֆրանք Գոլգոմպէ ներկայացուցին կողմերու ներդրումային հնարաւորութիւնները։

Համաժողովը եզրափակուեցաւ «Հայաստանի եւ Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի տնտեսական կարելիութիւնները ուժանիւթի ոլորտին մէջ» խորագրեալ կլոր-սեղանով, ուր հայկական կողմէն բանախօսեցին Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան, Ներդրումներու աջակցութեան հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէն Լեւոն Օհանէսեան, «Amber Capital» ընկերութեան տնօրէն Կարէն Արապեան, «R2E2» հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Ասատրեան, իսկ ֆրանսական կողմէն՝ Շրջանի` բնապահութեան հարցերու փոխնախագահ Թիէրի Գովաքս, Շրջանի ուժանիւթի զարգացման մրցունակութեան կազմակերպութեան միջազգային զարգացման պատասխանատու Ինկրիտ Մենսան, «Bpi France-AURA» պետական հիմնադրամի միջազգային զարգացման պատասխանատու Մառեք Վոտա եւ «Nuclear Valley» տնտեսական զարգացման տնօրէն Ժան Ֆիլիփ Պալազ։

Աւարտին բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։