Search
Close this search box.

Հայաստանի ԱԳ փոխնախարարը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի հարցերու լիազօր նախարարին հետ

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի հարցերու պատուիրակ նախարար Պենժամէն Հատտատի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան զարգացման կարելիութիւնները։

Դիւանագէտները գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսության բարձր մակարդակին եւ շարք մը առանցքային ուղղութիւններով ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան ամրապնդման կապակցութեամբ։

Պարոյր Յովհաննիսեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

Անոնք անդրադարձած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի այժմէական հարցերուն: