Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցը սփռուած է Նոյեմբեր 22-ին։ Ան խօսած է աղմկայարոյց հրաժարականներու, իր բարդ երկընտրանքին, ծառայողական կառքերու թիւին կրճատման եւ այլ նիւթերու շուրջ:
Ստորեւ՝ կու տանք ընդհանուր պատկերը.
Պաշտօնեաները հեռացուցած է իր անձնական որոշումով
“Միանձնեայ որոշում էր, SMS-ով, գրաւոր տեքստով եմ յայտնել պաշտօններից ազատուելու խնդրանքի մասին։ Այո՛, Կիրակի է դա եղել, բայց ոչ ուշ երեկոյեան:
Ես կարեւոր եմ համարել, որ այն, ինչ ասում եմ՝ լինի գրաւոր: Բանաւոր խօսակցութեան շուրջ կարող են լինել շատ տարընթերցումներ, մեկնաբանութիւններ: Այնտեղ, որտեղ խօսքը գրաւոր է, այնտեղ խօսակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ է”,– ըսած է ան:
Ինչո՞ւ ածիլած է մօրուքը
“Որոշեցի, որ աւագ դստերս ծննդեան օրն եմ դա անելու։ Հիմա որ եթեր գնաց, միւս դուստրերս հարց են դնելու, թէ ինչո՞ւ նրա ծննդեան օրը, ոչ թէ մեր։ Աշոտը (որդին – «ՆՅ»), համոզուած եմ, այդ առումով հարց չի բարձրացնի”,– ըսած է Փաշինեան։
Առողջապահութեան ապահովագրութիւնը
Վարչապետին կարծիքով՝ առողջապահութեան համակարգին մէջ առկայ խնդիրները կը վկայեն, որ Հայաստան տակաւին պատրաստ չէ առողջապահութեան համապարփակ ապահովագրութեան ուղղութեամբ մեծ քայլեր առնելու:
«Արեւմտեան Ազերպայճան եւ Արեւմտեան Հայաստան»
“Նեղւում ու ծանր ենք տանում, երբ ասում են «Արեւմտեան Ադրբեջան», բա չե՞նք մտածում, որ մենք էլ, Արեւմտեան Հայաստան ասելով, ինչ որ մարդկանց գրգռում ենք”,– յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը։
“Հիմա էլի ասելու են՝ հերթական դաւաճանութիւնը, ստոր տականքութիւնը։ Ես այսօր մի իրավիճակում ու պատասխանատւութեան մէջ եմ, որ պարտաւոր եմ մեր ժողովրդի հետ խօսել ու ցոյց տալ պատճառահետեւանքային կապերը, շղթաները։ Եթէ ես դա չանեմ, նշանակում է՝ գիտակցաբար երկիրը տանում եմ դէպի կորուստ”,– նշած է ան։
«Կացինային մօտեցումով» ծառայողական կառքերու կրճատում
“Գերատեսչութիւնների մեքենաների ցուցակը ուզում եմ եւ գրիչով խազեր եմ քաշում այդ մեքենաների վրայ։ Սա կացնային մօտեցում է։ Խօսքը ծառայողական մեքենաների կրճատման մասին է”,– յայտնած է վարչապետը։
Երեսփոխանական լիազօրագրերէն հրաժարելու պարագաները
”Մանդատները վար դնելու խնդրանքով դիմել եմ Զեյնալեանին եւ Աղազարեանին, յոյսով եմ Աղազարեանը եւս խնդրանքս անարձագանգ չի թողնի”,– ըսած է վարչապետը։
Նշենք, թէ Նարեկ Զեյնալեան արդէն իր փափաքով հրաժարած է երեսփոխանական լիազօրագրէն։
Հրաժարիլ միջազգային ատեաններուն ներկայացուած բողոքներէն
Փաշինեան յայտարարած է, թէ իր կարծիքով խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու պարագային կարելի է փոխադարձաբար միջազգային ատեաններէն յետս կոչել բողոքները։
“Եթէ մենք տեսնում ենք, որ իրապէս հասնում ենք խաղաղութեան եւ կնքում ենք պայմանագիր, ես կարծում եմ, որ կարելի է գնալ նման գործարքի, ինչը նշանակում է՝ իրենք մեր նկատմամբ, մենք էլ իրենց նկատմամբ նախապէս տեղի ունեցած իրադարձութիւնների վերաբերեալ պէտք է փոխադարձաբար հրաժարուենք հայցերից”,– ընդգծած է վարչապետը։
Հայկական կողմը պատրաստ է հեռացնելու եւրոպացի դէտերը
Ինչ կը վերաբերի եւրոպացի դէտերուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ հայկական կողմը պատրաստ է զանոնք հեռացնելու սահմանազատուած հատուածներէն՝ նշելով, թէ Երեւան հանդէս եկած է այդ առաջարկով, սակայն չէ մանրամասնած, թէ ինչո՞ւ իր սահմանին տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դէտերու հարցը կը քննարկէ Ազերպայճանի հետ։
Յիշեցնենք, թէ 2023-ի Փետրուարէն ի վեր, երբ Հայաստան եկան եւրոպացի դէտեր՝ Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Եղէգնաձորի, Մարտունիի եւ Իջեւանի հատուածներէն հայ-ազերպայճանական սահմանները դիտարկելու և սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան նպաստելու առաքելութեամբ, Ազերպայճան պարբերաբար քննադատած է անզէն դէտերը, նոյնիսկ զանոնք ամբաստանելով լրտեսութեան մեղադրանքով։
Շուրջ 200 քաղաքացիական դէտերու առաքելութեան շրջանը երկու տարի է եւ պայմանաժամը երեք ամիսէն կ՚աւարտի։
Ի վերջոյ, Փաշինեան ըսած է, թէ սահմանազատման յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպումին կ՚որոշուի, թէ ո՛ր հատուածին մէջ Երեւան եւ Պաքու պիտի շարունակեն սահմանազատումը՝ ենթադրելով, որ քննարկումները կը շարունակուին COP29-ի աւարտէն ետք։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։