Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Երուսաղէմի պատրիարքութեան «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչը այցելած է Ազգային գրադարան եւ Գրատպութեան թանգարան

 

Նոյեմբեր 20-ին, Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչ եւ «Սիոն» ամսագրի խմբագիր Ներսեհ վարդապետ Ալոյեան այցելած է Հայաստանի ազգային գրադարան եւ հանդիպում ունեցած տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի հետ:

Հայր Ներսեհ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կողմէ Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է Երուսաղէմի մէջ տասնեակ տարիներ առաջ տպուած հատորներ:

Հանդիպումին քննարկուած են «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին մէջ պահուող հնատիպ գիրքերու, պարբերաթերթերու բացառիկ հաւաքածոներու թուայնացման աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր:

Այնուհետեւ Հայր Ներսեհ այցելած է Գրատպութեան թանգարան, ուր թանգարանի տնօրէնուհի Բալասան Յարութիւնեան ներկայացուցած է ցուցադրուած բացառիկ հաւաքածոն, որու «Հայ գրատպութեան Սփիւռքը» կոչուող սրահին մէջ իր պատուոյ տեղը կը գրաւէ 1866 թուականէն հրատարակուող «Սիոն» ամսագիրը:

Այցի աւարտին Հայր Ներսեհ իր տպաւորութիւնները արձանագրած է Թանգարանի մատեանին մէջ: