Բեմադիր Անժելա Ֆրանգեանի «Թութի տնական օղի» ֆիլմը Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցած «Ji.hlava» միջազգային փառատօնի «Նոր տեսլականներ» ֆորումին արժանացած է Current Time TV մրցանակին։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Շարժարուեստի հիմնադրամը։
Բեմադիրը պատերազմէն յետոյ կը վերադառնայ նոյն վայրերը` այս անգամ փնտռելու թթենիի ապրեցնող կեանքի համը։ «Թութի արաղ ունէ°ք»,– պարզ հարցումով կը սկսին թթենիներով հարուստ տարածաշրջանին մէջ ապրող մարդոց պատումները։
Ֆրանգեան՝ ժապաւէնին թէ՛ բեմադիրն է, թէ՛ բեմագիրը եւ թէ՛ արտադրողը:
Ֆիլմը պատրաստուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Շարժանկարի հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։