Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՊԿ – Ըստ Փութինի՝ պատշաճ չէր ՀԱՊԿ-ի միջամտութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան, քանի որ «Հայաստան արտաքին յարձակման չէր ենթարկուած»

Նոյեմբեր 28-ին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի հովանիին ներքեւ նախկին խորհրդային շարք մը հանրապետութիւններ (Հայաստան, Պելառուս, Ղազախստան, Քիրկիզստան, Տաճիկիստան) համախմբող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վեհաժողովը, որմէ կը բացակայէր Հայաստան։ 

Քանի մը օր առաջ Երեւան պաշտօնապէս յայտարարած էր, թէ Փաշինեան պիտի չմեկնի Ասթանա։ 

Ծանօթ է, որ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր (նոյնիսկ անկէ առաջ ալ) Հայաստան բաւական հեռաւորութիւն դրած է ՀԱՊԿ-ի հետ, պարբերաբար անկէ դուրս գալու մասին քննարկումներ ալ կատարելով։ Եւ արդար է Հայաստանի դժգոհութիւնը, քանի որ Ազերպայճանի հետ վերջին տարիներու ծանր բախումներուն կ՚ակնկալէր որ ՀԱՊԿ-ն բնականօրէն իրեն աջակցութիւն ցուցաբերէր իբրեւ դաշնակից երկիր, բայց ոչ միայն ի դերեւ ելան Երեւանի այդ ակնկալութիւնները, այլեւ անդամ այլ երկիրներու ղեկավարներ Հայաստանի նկատմամբ բազմիցս ունեցան թշնամական արտայայտութիւններ։   

Մինչ հայկական կողմն աշխարհի նման յուսախաբութիւն ապրած է, Ռուսաստանի նախագահը նշեալ վեհաժողովին առիթով լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին յայտարարած է, որ չէր պատշաճեր ՀԱՊԿ-ի միջամտութիւնը Ղարաբաղեան հակամարտութեան, «քանի որ Հայաստան չէր ենթարկուած արտաքին յարձակման»։

“ՀԱՊԿ-ն ատոր հետ (իմա՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան) կապ չունի, քանի որ Հայաստանի դէմ արտաքին յարձակում չէ եղած, իսկ ՀԱՊԿ-ն կոչուած է անդամ երկիրները արտաքին յարձակումէ պաշտպանելու։ Ղարաբաղեան իրադարձութիւնները ունին իրենց առանձնայատկութիւնները. Հայաստան չէ ճանչցած Ղարաբաղը որպէս անկախ պետութիւն եւ ոչ ալ զայն ներառած է իր սահմաններուն մէջ: Սա կը նշանակէ, որ այն ամէնը, որ տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի մէջ, իրաւական առնչութիւն չունի Հայաստանի հետ: Ուստի պնդել, որ ՀԱՊԿ-ն պէտք է միջամտէր գործողութիւններուն, տարօրինակ է”,– յայտարարած է Փութին:

“Հայաստան դեռ չէ յայտարարած  ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին”

Լրագրողներու հետ նոյն հանդիպումին՝ Փութին նաեւ նշած է, թէ Հայաստան դեռ չէ յայտարարած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին։

“Հայաստան չէ յայտարարած իր դուրս գալուն մասին. յամենայնդէպս առայժմ չէ յայտարարած։ Ան յայտարարած է, որ որոշ ժամանակաշրջան մը դադար կ՚առնէ, բայց միեւնոյն ժամանակ կ՚աջակցի բոլոր այն փաստաթղթերուն, որոնք կ՚ընդունուին մեր այսօրուան հանդիպման եւ բանակցութիւններու ընթացքին”,– ըսած է ան։