Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28-ի երեկոյեան, Ալֆորվիլի մշակութային ձեռնարկներու POC կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ մշակոյթի տան կազմակերպած Արմէնլիվր հայ գիրքի ամէնամեայ ցուցահանդէսի բացումը, քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի նախագահութեամբ, ընթերցասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։
Ցուցահանդէսը այս տարի նուիրուած է մեր ընկեր՝ լուսահոգի Յարութիւն Քիւրքճեանի թարմ յիշատակին։
Ձեռնարկը պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր 1։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։