Search
Close this search box.

Յովիկ Աղազարեան պիտի չհրաժարի իր երեսփոխանական լիազօրագրէն

 

Ան «խոր ափսոսանքով» կը մերժէ վարչապետին խնդրանքը

Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութենէն երեսփոխան Յովիկ Աղազարեան որոշած է չհրաժարիլ իր լիազօրագրէն։ 24news.am-ին տուած հարցազրոյցին ան ըսած է, թէ իր ընկերներուն հետ խորհրդակցելէ ետք յանգած է այդ եզրակացութեան։

Աղազարեան համոզուած է, թէ իր այս որոշումը շատ գէշ կ՚ընդունուի ՔՊ-ի խմբակցութեան կողմէ. «Ես կարծում եմ, այո՛, խմբակցութիւնը կարող է քննարկել ինձ խմբակցութիւնից հեռացնելու հարցը: Եթէ խմբակցութիւնը որոշում է խմբակցութեան անդամը հեռացնել, ապա դա կանոնակարգուած է օրէնքով»:

Ան չէ բացառած, որ այդ պարագային ինք կը գործէ իբրեւ անկախ երեսփոխան. «Ժամանակը ցոյց կը տայ»:

Հարցումին, թէ՝ կարելի՞ է որ գլխաւոր դատախազը մուտք գործէ խորհրդարան եւ զինք անձեռմխելիութենէ զրկելու գործողութիւն սկսի, ան պատասխանած է.  «Ես դա չեմ բացառում: Դէ, եթէ գան, հիմքերը կը ներկայացնեն, ես էլ կը պաշտպանուեմ»:

Նշենք, թէ Հոկտեմբեր 15-ին, Ազգային ժողովին մէջ այդ ժամանակ Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնը վարող Արգիշտի Քեարամեանի եւ երեսփոխան Յովիկ Աղազարեանի միջեւ տեղի ունեցած էր բուռն բանավէճ, որ տեղի տուած էր հասարակական լայն քննարկման։ Նոյն նիստին երեսփոխան Նարեկ Զեյնալեան, անդրադառնալով միջադէպին եւ դիմելով Քեարամեանին՝ ըսած էր, թէ  անընդունելի է երեսփոխաններու հետ ոչ-յարգալից եւ ձեռքով-ոտքով խօսիլը։

Վարչապետ Փաշինեան Քեարամեանէն խնդրած էր հրաժարիլ իր պաշտօնէն, իսկ Զեյնալեանէն ու Աղազարեանէն՝ հրաժարիլ իրենց երեսփոխանական լիազօրագրերէն։ Առաջին երկուքը հրաժարեցան յաջորդաբար իրենց պաշտօնէն եւ լիազօրագրէն։