Ազերպայճանի խորհրդարանի հասարակական միաւորներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ֆազիլ Մուսթաֆա յայտարարած է, որ «եթէ մէկ հայ վերադառնայ Ղարաբաղ, ապա մէկ ազերպայճանցի ալ պէտք է վերադառնայ “Արեւմտեան Ազերպայճան” (նկատի ունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը), եթէ հազար հայ վերադառնայ “ազատագրուած տարածքներ” (նկատի ունի բռնագրաւուած Արցախը), ապա հազար ազերպայճանցի պէտք է վերադառնայ “Արեւմտեան Ազերպայճան”»:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձ Արեւմտեան Ազերպայճան» նիւթին շուրջ ունկնդրութիւններու ընթացքին։
Ազերպայճանցի երեսփոխանը պնդած է, թէ հայկական կողմը կ՚ուզէ որ ճնշում բանեցուի Ազերպայճանի վրայ՝ Արցախի հայերուն վերադարձը ապահովելու համար։
Նոյն ունկնդրութիւններու ատեն, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան վարչութեան ղեկավար Սամիր Պեճանով իր կարգին ըսած է, թէ «Հայաստան լրջօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ պայմաններ չի ստեղծեր “արեւմտեան ազերպայճանցիներու” (նկատի ունի Հայաստանի տարածքին նախապէս ապրած ազերպայճանցիները) “հայրենիք” (նկատի ունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը) վերադարձին համար»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։