Դեկտեմբեր 3-ին, տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան վարչութեան նիստ, զոր վարած է վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեան։
ՔՊ-էն կը տեղեկացնեն, թէ նիստին որոշոուած է Յովիկ Աղազարեանը վտարել «ՔՊ» կուսակցութենէն՝ «պետական եւ կուսակցական գաղտնի տեղեկութիւնները դրսեւորելու, ինչպէս նաեւ հանրութեան բարոյական չափանիշերու կոպիտ խախտումներու պատճառով»։
Յաջորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 4-ին, Յովիկ Աղազարեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է, թէ ի՛նք է, որ կը լքէ «ՔՊ» խմբակցութիւնը. “Չեմ ուզեր «ՔՊ» խմբակցութեան իմ գործընկերները կրկին անգամ դժուար կացութեան մատնել։ Առ այդ, կը յայտարարեմ, թէ կը լքեմ խմբակցութիւնը, հրաժարելով նաեւ հաշուիչ յանձնախումբի անդամի լիազօրագրէս”։
Նոյն օրը, Ազգային ժողովին (ԱԺ) մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին, Աղազարեան ըսած է, թէ «ՔՊ» վարչութեան նիստին ինք զարմանք յայտնած է, թէ ինչպէ՞ս պատահած է, որ իր անձնական դաշտին վերաբերող նիւթեր յայտնուած են վարչութեան եւ վարչապետին քով։
“Պարոն Քեարամեանի հետ տեղի ունեցած միջադէպի շրջանակին մէջ ես հարցաքննուեցայ եւ այն ատեն իմ հեռաձայնը պահանջեցին։ Ես չդիմադրեցի եւ յանձնեցի՝ ըսելով, թէ հոն նիւթեր կան, զորս պիտի չփափաքէի որ հրապարակուին։ Քննիչը՝ այդ առումով զիս վստահեցուց։ Բայց ըստ երեւոյթին հեռաձայնիս մէջ գտնուող նիւթերը յայտնուած են վարչապետին քով…։ Իսկ թէ ո՞վ այդ նիւթերը տուած է վարչապետին եւ ի՞նչ նպատակով, չեմ կրնար ըսել։ Չեմ ուզեր հաւատալ, որ իր պահանջով եղած է”,– յայտնած է երեսփոխանը:
Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետը պատասխանելով՝ Աղազարեանի հեռաձայնի պարունակութեան ծանօթանալուն վերաբերող հարցումին ըսած է.
“Յովիկ Աղազարեանի հեռաձայնը իմ գրասեղանին վրայ չէ յայտնուած։ Քրէական գործի շրջանակին մէջ հեռաձայնը առգրաւուած է անկախ մարմինի կողմէ, որ օրէնքով սահմանուած կարգով համապատասխան բոլոր ընթացակարգերն ու թոյլտւութիւնը ունենալով՝ բոլորովին ուրիշ գործով քննչական յանձնարարական տուած է մէկ այլ մարմինի, որ այդքան ալ անկախ չէ։
Երբ այդ մարմինը քննչական յանձնարարականը կատարելու ընթացքին հանդիպած է տեղեկութիւններու, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն պետական անվտանգութեան սպառնալիքներ, ներառեալ՝ հակահետախուզական սպառնալիքներ, այդ պարագային այդ մարմինը պարտաւոր էր իր գործողութիւններու շրջանակին մէջ գործելու եւ զեկուցելու իր վերադասին՝ տուեալ պարագային՝ Հայաստանի վարչապետին, որ իր կարգին այդ տեղեկութիւնը որու հետ որ կիսեց, կիսեց օրէնքին համապատասխան։ Ես խորհրդակցեցայ բոլոր մարմիններուն հետ, որոնք իրաւասու են գնահատական տալու իրավիճակին։ Ես կ՚ըսեմ՝ այո՛, «ՔՊ» կուսակցութիւնը որոշեց Յովիկ Աղազարեանը վտարել իր շարքերէն՝ ի միջի այլոց՝ հանրային բարոյականութեան չափանիշերը ոտնահարելուն պատճառով։ Ժողովրդավարութեան մարտկոցը պէտք է գտնէ լծակներ՝ նման կարմիր գիծեր հատած երեսփոխանը ժողովուրդի կողմէ տրուած լիազօրագրէն զրկելու համար։ Վայրկեան մ՚իսկ չկասկածիք, որ բոլոր օրինական միջոցներուն պիտի ձեռնարկուին Յովիկ Աղազարեանը լիազօրագրէն զրկելու համար”։
Խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ալ անդրադառնալով Աղազարեանին առնչուող նիւթին յայտնած է.
“Մինչեւ երէկ կարելի ամէն ձեւով փորձեցի պաշտպանել պարոն Աղազարեանը. իմ գործընկերն է, միասնաբար ճամբայ կտրած ենք, բայց երէկ սա կամ նա ձեւով ուզեցի խեղդել զինք։ Ես կը ցաւիմ, որ երէկ ինք զղջում չյայտնեց։ Երբ իմացայ, թէ ի՛նչ ըրած է՝ ուղղակի ամօթ է. կ՚ամչնամ նոյնիսկ պատմելու”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։