Դեկտեմբեր 3-ին, Հայաստանէն Սուրբ երկիր ժամանած՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժինի ղեկավար տիկին Լուսինէ Սահակեան այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ: Ան Պատրիարք հօր յանձնած է 2017 թուականէն ի վեր տարուած աշխատանքներու արգասիքը համարուող՝ «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան արխիւի տեղեկագիր մատեան. Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան» գիրքի առաջին հատորը:
Շուրջ հազարէ աւելի էջերէ կազմուած սոյն հատորը լոյս ընծայուած է հեղինակներ՝ Լուսինէ Սահակեանի, Անի Սարգսեանի եւ Անի Ոսկանեանի անգնահատելի ջանքերով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։