Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Ոգեկոչուած է հայ նշանաւոր քեամանչահար Սաշա Օգանեզաշվիլիի յիշատակը

 

Դեկտեմբեր 1-ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան (նախագահ՝ պատմաբան Ենոք Թադեւոսեան) նախաձեռնութեամբ ծայր առած է «Մեր մեծերը» ձեռնարկներու շարքը։

Այդ շարքին առաջինը նուիրուած է հայ անուանի երաժիշտ, քեամանչահար, բանաստեղծ Սաշա Օգանեզաշվիլիի (Ալեքսանդր Օհանեան) յիշատակին։ Վերջինս կը հանգչի Թիֆլիսի հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ:

Նոյն օրը անոր գեղեզմանին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է, նախագահութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկ. Դաւթեանի։ Ներկաները ծաղիկներ զետեղած են արժանաւոր հայորդիին տապանաքարին:

Այնուհետեւ «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ ցուցադրուած է Սաշա Օգանեզաշվիլիի նուիրուած ժապաւէնը։ Ցուցադրութեան ներկայ եղած են թեմակալ առաջնորդը, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ երաժիշտին մօրաքրոջ թոռնուհին՝ Գարմէն Բաղդասարովա:

Արդարեւ, հետաքրքրական եւ խօսուն ժապաւէն մը։ Մանուկ տարիքին մայրը կորցսնցուցած Սաշա, դառնալով ինքնուս նուագող, հոգիի անհուն թելերով կը կապուի քեամանչային, այդ յուզառատ նուագարանի լարերու միջոցով կը հնչեցնէ իր յոյզերը: Շնորհաշատ քեամանչահարի պրպտումներով գործիքը ա՛լ աւելի կը կատարելագործուի, եռալարէն դառնալով եզակի քառալար նուագարան: Հետագային, ան Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ կը բանայ արեւելեան երաժշտութեան հիմնարկը, իսկ Պաքուի մէջ կը դառնայ տեղւոյն երաժշտանոցին հիմնադիրն ու  առաջին ղեկավարը:

Քեամանչայի մեղեդիները կենդանի կատարումներով հնչեցուցած են յատկապէս Երեւանէն հրաւիրուած «Ռոմանոս Մելիքեան» երաժշտական ուսումնարանի՝ քեամանչայի դասարանի ուսանողներ՝ Միլենա Մովսիսեան, Սարգիս Սերոբեան, «Հայարտուն» կեդրոնի դհոլահար Արման Պապիկեանի նուագակցութեամբ:

Հուսկ՝ գնահատանքի խօսքելով ելոյթ ունեցած են թեմակալ առաջնորդը եւ Հայաստանի դեսպանը։