Դամասկոսի մէջ ժողովուրդը կ՚ողջունէ ապստամբներու քաղաք մուտքը
Դեկտեմբեր 8-ի առաջին ժամերուն, Սուրիոյ մէջ քանի մը օրէ ի վեր կայծակնային արագութեամբ ընթացող զարգացումները, անկեղծ ըսելու համար՝ յանգած են իրենց տրամաբանական աւարտին, նախագահ Ասատի վարչակարգի անկումով, որ կը թուէր անխուսափելի, բայց ոչ այսքան արագ։
Ապստամբները եւ ընդդիմադիր ուժերը, Հալէպի, Համայի եւ Հոմսի տիրանալէ ետք, Դեկտեմբեր 7-էն 8-ի գիշերն ալ յաջողեր էին մուտք գործել մայրաքաղաք Դամասկոս։ Իրաց այս կացութեան մէջ՝ Սուրիոյ վարչապետը՝ Մոհամէտ ալ- Ժալալի, կացութիւնը մասամբ փրկելու միտումով՝ գրոհող ուժերուն առաջարկած է բանակցիլ ու գործակցիլ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իրենց (ապստամբներու եւ ընդդիմադիրներու) ղեկավարին հետ, բայց այս առաջարկը ըստ երեւոյթին շատ ուշ մնացած ու ապարդիւն եղած է, քանի որ յառաջացող ժամերուն մայրաքաղաքը ամբողջութեամբ անցած է ապստամբ-ընդդիմադիրներուն ձեռքը եւ ըստ վերջիններուս՝ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ ալ փախած է երկրէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։