Search
Close this search box.

Քննարկում՝ Հայաստանի մէջ պարսկերէնի ուսուցման զարգացման կարելիութիւններուն շուրջ

Դեկտեմբեր 6-ին, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան ընդունած է Իրանի «Սաատի» հիմնադրամի նախագահ Ղոլամ Ալի Հատտատիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ներկայ եղած է նաեւ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի։

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարարը ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ տարբեր ուղղութիւններով առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները։ Անդրադառնալով կրթութեան ծիրէն ներս գործակցութեան զարգացման հարցին՝ Տիկին Անդրէասեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի 13 դպրոցներու մէջ պարսկերէն կ՚ուսուցանուի: Այդ շրջածիրին մէջ կողմերը քննարկած են ուսուցիչներու վերապատրաստման ու փոխանակման ծրագրերու իրականացման հեռանկարները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ պարոն Հատտատի յայտնած է, թէ անձամբ այցելած է Երեւանի դպրոցներէն մէկը, ուր աւելի քան 400 աշակերտ պարսկերէն կ՚ուսումնասիրէ եւ այս հանգամանքը արդէն իսկ կ՚ապացուցէ, թէ լեզուի ուսուցման մակարդակը Հայաստանի մէջ ամուր հիմքերու վրայ դրուած է։

Ան բարձր գնահատած է տարածաշրջանային լեզուներու ուսուցումման Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը՝ նշելով, թէ այս երեւոյթը ոչ միայն լեզուի, այլեւ դրացի պետութիւններու միջեւ մշակութային ճանաչողութեան հիմք կը հանդիսանայ:

Հանդիպումին մատնանշուած են պարսկերէնի առցանց դասընթացքի կազմակերպման եւ Հայաստանի համալսարաններուն հետ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ գրահրատարակչական եւ թարգմանչական միատեղ նախաձեռնութիւններու առնչուող հարցեր։