Դեկտեմբեր 7-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները սկսած էին1999-ին։
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Մայր Աթոռի միաբաններ, Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Շիրակի թեմի հոգեւոր սպասաւորներ, մշակութային ու հասարակական գործիչներ եւ Հայաստանի տարբեր վայրերէն մեծ թիւով ուխտաւորներ:
Վեհափառ հայրապետը եկեղեցականներու թափօրով նախ առաջնորդուեցաւ դէպի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշարձան, ուր ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ապա «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ընկերակցութեամբ Նորին սրբութիւնը իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն, մուտք գործեց վերանորոգուած եկեղեցին, ուր ծայր առաւ վերաօծման սրբազան արարողութիւնը: Յընթացս արարողութեան` ջուրով եւ գինիով լուացուեցաւ տաճարի Սուրբ սեղանը եւ խորան բերուեցաւ Սրբալոյս միւռոնը, որով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ Սուրբ սեղանի օծումը:
Մինչ այդ՝ Դեկտեմբեր 5-ին, տեղի ունեցած էր եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը։
Արարողութեան աւարտին Հայոց հայրապետը Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով իր հայրական պատգամը հաղորդեց ներկաներուն՝ աղօթելով վերանորոգուած պատմական աղօթավայրին յաւէտ պայծառութեան, հայրենի երկրի խաղաղութեան, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ապահովութեան ու բարօրութեան համար։
150-ամեայ սոյն տաճարը, որ աւերուած էր 1988-ի երկրաշարժին հետեւանքով, աղէտէն 36 տարի ետք վերստին իր դռները կը բանար ուխտաւորներուն առջեւ։
Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ 1988 Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի անմեղ զոհերուն։
«Ազատութիւն» լրասփիւռը կը հաղորդէ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյն օրը Գիւմրի ժամանեց, երբ արդէն աւարտած էր եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը։ Ան նոյնիսկ եկեղեցի չմտաւ եւ Գիւմրիէն մեկնեցաւ Փարիզ՝ մասնակցելու Աստուածամօր տաճարի վերաբացման արարողութեան։ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան՝ տեղական մակարդակով ալ իշխանութեան ոեւէ ներկայացուցիչ ներկայ չէ եղած։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։