Search
Close this search box.

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի՝ Գարեգին արք. Պեքճանին նուիրուած գիրքը

Պոլսոյ «Ենի Անատոլու» (“Yeni Anadolu” / YAY) հրատարակչատունէն լոյս ընծայուած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ ստեղծագործութիւններով յայտնի թուրք հեղինակ Քեմալ Եալչընի «Իմ Աստուածը սէրն է» խորագրեալ գիրքը, նուիրուած՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախկին առաջնորդ, Կ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան նախկին տեղապահ, նորոգ հանգուցեալ Գարեգին արք. Պեքճեանին։

Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net՝ հիմնուելով Եալչընի Դիմագիրքի էջին հրապարակուած գրառման վրայ։

Աղբիւրին համաձայն՝ հատորին մէջ ներկայացուած են Գարեգին Սրբազանի կեանքը, գաղափարները եւ աշխարհընկալումը։ Հեղինակը դիմագիրքեան իր էջին նշած է․ «Այս գիրքը ընթերցելով ձեր աշխարհն ալ կրնայ փոխուիլ եւ դուք նոյնպէս կրնաք հասնիլ հոգիի խաղաղութեան եւ երանութեան՝ ըսելով՝ “Իմ Աստուածը սէրն է”»։