Հայաստանի բանագնաց, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին անցեալ ամիս տեղի ունեցած է երկու երկիրներու շարք մը գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
Այդ օրերուն կողմերը պաշտօնական որեւէ տեղեկութիւն չէին հաղորդած։
Ռուբէն Ռուբինեան Դեկտեմբեր 10-ին ալ շատ փակագիծեր չէ բացած եւ միայն հետեւեալը ըսած է. «Գնահատուեցան թեքնիք կարիքները, որոնք կարելիութիւն կ՚ընձեռեն գործարկելու Ախուրիկ/Աքեաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը: Հանդիպումը ընթացաւ դրական եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։