Search
Close this search box.

Ասատի անկումով՝ Միջին Արեւելքի ուժերու վերադասաւորումներ

Ասատ ին­կաւ, որու հե­տեւան­քով Սու­րիոյ խարխլած գե­րիշ­խա­նու­թիւնը ա՛լ աւե­լի վտան­գուեցաւ։ Եր­կի­րը մաս­նա­տուած է չորս տե­ղական ու­ժե­րու մի­ջեւ, որոնք պաշտպա­նուած են իրենց ետին կանգնած ար­տա­քին ու­ժե­րու կող­մէ՝ Թուրքիա, ԱՄՆ-Եւրո­պա Իս­րա­յէլ, Ռու­սաստան, Իրան։ Ոչ ոք կը սպա­սէր այսքան անա­կնկալ ան­կում մը։ Ոչ ոք կը սպա­սէր որ սու­րիական բա­նակը, գլխա­ւոր որո­շիչը պե­տու­թեան ան­վտան­գու­թեան ու ինքնիշ­խա­նու­թեան, անձնա­տուր ըլ­լայ, առանց պա­տերազ­մե­լու։ Ասա­տի ան­կումով Իրա­նի եւ Ռու­սաստանի դիր­քե­րը տկա­րացան, Իսկ Թուրքիոյ եւ Իս­րա­յէլի դիր­քե­րը զօ­րացան։

Ըստ AA («Անատոլու») թրքա­կան լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան, Թուր­­քիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րարած է, որ “Սու­րիոյ մէջ «Իս­լա­մական պե­տու­թեան» եւ քրտա­կան PKK-ին մօտիկ՝ «Սու­րիա­­կան ժողո­վըրդավարական ուժեր»-ու (FDS) նման ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւննե­րը պի­տի ջախ­ջա­խուին ան­յա­պաղ”։ Անց­եալին, ինչպէս այ­սօր «Իս­լա­մական պե­տու­թեան» զի­նու­մը Թուրքիոյ գործն էր, իբրեւ թէ անոր դէմ պայ­քա­րելու քա­րոզ­չա­կան հռե­տորա­բանու­թիւնը չի կրնար թաք­ցընել գլխա­ւոր թի­րախը՝ FDS-ը, որ առանց յա­պաղու­մի յար­ձա­կ-

ման են­թարկուեցաւ Թուրքիոյ զի­նած «Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նակ»-ին (ANS) կող­մէ։ Մինչ ար­մա­տական Հա­յաթ Թահ­րիր ալ Շա­մը (HTS) կը գրա­ւէր Դա­մաս­կո­սը, ANS-ը գրա­ւեց Քիւրտե­րու տի­րապե­տու­թեան տակ գտնուող Ման­պիժ քա­ղաքը։

Այ­սուհան­դերձ, Քիւրտե­րը կը մնան ԱՄՆ-ու, Եւ­րո­պացի­ներու եւ Իս­րա­յէլա­ցինե­րու ամէնէն հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կիցները։ Թէեւ Ասա­տի ան­կումը նաեւ մեծ հա­րուած էր Քիւրտե­րու իշ­խա­նու­թեան տակ գտնուող Ռո­ժավա­յին։ Թուրքիան ըլ­լա­լով նաեւ ԱՄՆ-ու դաշ­նա­կիցը, ԱՄՆ-ու ռազ­մա­վարա­կան շա­հերը նկա­տի առ­նե­լու ստի­պուած է։ Այս խնդիր­նե­րու առնչու­թեամբ ԱՄՆ-ու ծե­րակու­տա­կան Լինտսէյ Կրա­համ «X» ընկերային ցանցի վրայ զգու­շա­ցում մը յղած է Թուրքիոյ, գրե­լով որ ԱՄՆ պի­տի չարտօնէ որ Թուրքիա սպառ­նայ Քիւրտե­րուն։

Թուրքիոյ Իս­րա­յէլի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու պա­րագան շատ աւե­լի բարդ է։ Իրա­նի ազ­դե­ցու­թեան նուազու­մով, Թուրքիոյ են­թա­կայ իս­լա­մապաշտ ու­ժե­րը ի՞նչ քա­ղաքա­կանու­թիւն պի­տի որ­դեգրեն Իս­րա­յէլի նկատ­մամբ։ Որ­քա­նո՞վ Թուրքիա պի­տի մաս­նակցի հա­կա­իս­րա­յէլա­կան ռազ­մա­կան նա­խա­ձեռ­նութիւննե­րու։

Թուրքիոյ զի­նած եր­կու խմբա­ւորումնե­րը գրա­ւեցին մայ­րա­քաղաք Դա­մաս­կո­սը գրե­թէ առանց Սու­րիոյ բա­նակի դի­մադ­րութեան։ Մինչ այդ, իս­րա­յէլա­կան բա­նակը հա­տեց սու­րիական սահ­մա­նը գրա­ւեց նոր դիր­քեր իր սահ­մաննե­րու կա­յու­նութիւ­նը պատ­րուակե­լով, նոյն մի­ջոցին ամ­բողջ Սու­րիոյ տա­րած­քին ռմբա­կոծեց Սու­րիոյ բա­նակի զօ­րանոց­ներն ու զի­նամ­թերքի պա­հեստնե­րը, կանխար­գի­լելու համար անոնց՝ ձեռքը անցնիլը ար­մա­տական HTS-ի զի­նեալ­նե­րու եւ անոր դաշնակից այլ իս­լա­մապաշտ խմբա­ւորումնե­րու։

Թուրքիոյ հզօ­րացու­մը Մի­ջին Արե­ւել­քի ան­կա­յու­նա­ցու­մի նոր ազ­դակ է։ Նոր խա­ղի օրէնքներ ու ռազ­մա­վարու­թիւններ պի­տի հաս­տա­տուին, որոնք պի­տի ազ­դեն Սու­րիոյ հայ հա­մայնքի ճա­կատա­գիրին վրայ։ Մին­չեւ այ­սօր, հայ եւ այլ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու իրա­ւունքնե­րը պաշ­տա­նուած էին Ասա­տի վար­չա­կար­գին կող­մէ։ Թէեւ նոր իս­լա­մապաշտ ու­ժե­րը ապա­հովու­թիւն տուած են փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն, որ անոնց իրա­ւունքնե­րը պի­տի պաշտ­պա­նուին, սա­կայն ի՛նչ ար­ժէք ու­նին քա­ղաքա­կա­ն խոս­տումնե­րը, մա՛­նաւանդ երբ ատոնք կը կատարուին Թուրքիոյ հո­վանա­ւորած ու­ժե­րու կողմէ։

Թուրքիոյ դիր­քե­րու ամ­րապնդու­մը նաեւ իր հե­տեւանքները ու­նի Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ։ Վրաս­տա­նի ան­կա­յու­նութեան պայ­մաննե­րու տակ, Թուրքիա-Ազեր­պէյճան առանցքին «Զան­գե­զուր»-ի մի­ջանցքի բաց­ման հար­ցը նոր թափ պի­տի ստա­նայ, որուն վրայ կրնայ աւել­նալ Ռու­սաստա­նի պա­հան­ջը, եթէ Ուքրաինա­յի պա­տերազ­մը շու­տա­փոյթ աւարտ մը ու­նե­նայ նա­խագահ Թրամ­փի մի­ջամ­տու­թեամբ։ Իրա­նի կա­յու­նութիւ­նը կը մնայ Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութեան միակ ար­տա­քին ապա­հով ազ­դա­կը իր սահ­մա­նակից եր­կիրնե­րուն միջեւ։

Ժ.Չ. ■