Դեկտեմբեր 8-ի վաղ առաւօտեան Լաթաքիոյ ժողովուրդը արթնցաւ Սուրիոյ իշխանութեան տապալումի լուրով։ Քաղաքը ապրեցաւ դժուարին պահեր մինչեւ ընդդիմութեան ուժերու հասնիլը։
Լաթաքիան կը տարբերէր այլ նահանգներէ, որովհետեւ քաղաքի համայնքային պատկերը այլ էր, ուստի մտահոգութիւնը աւելի մեծ էր։
Երբ իշխանութեան տապալման լուրը հաղորդուեցաւ, քաղաքին մէջ պետական կարգ մը կեդրոններ եւ գրասենեակներ հրկիզուեցան։ Ժողովուրդը բնակարաններէն դուրս չէր գար։
Երբ ընդդիմադիր ուժերը քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առին, ժամեր անց կրակոցները նուազեցան, ժողովուրդը աստիճանաբար խուճապային վիճակէն դուրս եկաւ։
Դեկտեմբեր 10-ին Իսրայէլ հրթիռակոծեց քաղաքի ռազմական կեդրոնները, ժողովուրդը սարսափի մատնուեցաւ, բնակարանները ուժգին ցնցուեցան։
Ներկայիս քաղաքէն ներս վիճակը կայուն է, մարդիկ դուրս կու գան իրենց բնակարաններէն աստիճանաբար, սակայն զգուշ են՝ մինչեւ կարգ ու կանոնի հաստատումը։
Առ այժմ գործատեղիները, վաճառատուներու մեծ մասը, դպրոցներն ու եկեղեցին փակ են։
Ժողովուրդը մտահոգ է սղաճին հետեւանքով յառաջացած տնտեսական տագնապէն։ Հացի տագնապ ալ գոյութիւն ունի։
Հալէպէն Լաթաքիա տեղափոխուած էին 27 հայ ընտանիքներ, որոնք ապաստանած էին իրենց հարազատներուն քով, կամ վարձու բնակարաններու մէջ։ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը հետաքրքրուեցաւ անոնցմով եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը տրամադրեց կարգ մը ընտանիքներու։ Հալէպի ճամբան բացուելէն ետք գրեթէ բոլորը վերադարձան Հալէպ։
Լաթաքիոյ հայութիւնը կը յուսայ փարատած տեսնել բնակչութեան դժուարութիւնները յառաջիկայ օրերուն։
Աղբիւր՝ «Գանձասար»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։