Դեկտեմբեր 11-ին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսով յայտարարուած է «Երէկ եւ այսօր. Ժագ տը Մորկանի հետքերով» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէսին բացումը։ Սոյն ցուցահանդէսին ծիրէն ներս առաջին անգամ Հայաստան փոխադրուած են ֆրանսացի նշանաւոր հնագէտ Ժագ տը Մորկանի (1857-1924) կողմէ Ախթալայի մէջ 19-րդ դարու 80-ական թուականներուն պեղուած պրոնզէ եւ երկաթէ դարերու 5 ցուցանմուշներ, որոնք կը պահուին Ֆրանսայի Ազգային հնագիտութեան թանգարանին մէջ։
Ցուցահանդէսը հանրութեան համար բացուած է Դեկտեմբեր 12-ին։
Նախագիծը կեանքի կոչուած է Ֆրանսայի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի ու Ֆրանսայի Ազգային հնագիտութեան թանգարանի (Սէն Ժերմեն ան Լեյի ամրոց) փոխադարձ գործակցութեան հետեւանքով եւ կը վայելէ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան հովանաւորութիւնը։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան նշած է, թէ երեք ամսուան համար փոխ առնուած նմուշները համադրուած են Հայաստանի Պատմութեան եւ այլ թանգարաններու մէջ պահուող եւ ֆրանքեւհայկական միատեղ արշաւախումբերու կողմէ տարբեր հնավայրերուն մէջ յայտնաբերուած աւելի քան վեց տասնեակ ուշագրաւ հնագիտական ցուցանմուշներու հետ, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ կը ցուցադրուի։
Ան ընդգծած է թէ Ժագ տը Մորկան աշխատած է որպէս Ալավերդիի պղինձի հանքի ճարտարապետ։
“1880-ական թուականներին ան հնագիտական հետազօտութիւններ կատարած է Ախթալայի, Դեբեդ գետի աւազանի շարք մը դամբարանադաշտերուն վրայ, պեղելով աւելի քան հազար դամբարան, որոնք ժամանակագրական կարգով կ՚ընդգրկուին Ք․ա․ 15-րդ դարէն մինչեւ Ք․ա․ 2-1 դարերը։ Այս ցուցահանդէսը յարգանքի տուրք է Ժագ տը Մորկանին”,– ըսած է Պօղոսեան:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան Մշակոյթի հարցերու խորհրդական Զաւիէ Ռիշառ յայտնած է, թէ Ժագ տը Մորկանի ամբողջ աշխատանքը ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու եւ ջերմ բարեկամական գործակցութեան ապացոյցն է։ Իսկ Ֆրանսայի Հնագիտութեան թանգարանի տնօրէնուհի Ռոզ-Մարի Մուսսօ իր կարգին նշած է, թէ այս ցուցադրութիւնը տրամաբանական շարունակութիւնն էր Սէն Ժերմենի մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ երկկողմ հանդիպումներուն։
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2025 Մարտ 11։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։