Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացանք, թէ գաղութիս ծանօթ դէմքերէն՝ ազգային գործիչ, վաստակաշատ Գրիգոր Փափազեան կնքած է իր մահկանացուն։ Երկու ամիսէն ան պիտի դառնար 100-ամեայ։
Ողբացեալին տարիքը կրնայ շատեր մղել մտածելու, որ ան շատոնց դադրած ըլլալու է գործուն կեանք մը ունենալէ։ Բայց անոնք չարաչար պիտի սխալին, քանի որ Գրիգոր Փափազեան իր կեանքին գրեթէ մինչեւ վերջը շարունակեց կամ փորձեց շարունակել սպասարկել այն արժէքներուն, որոնց սրտանց հաւատաց ի սկզբանէ։
Միշտ համեստ, հեռու ինքզինք ու իր գործը ցոյց տալու մոլուցքէ, անձայն-աննշշուկ, նուիրումով իր ծառայութիւնը բերաւ ֆրանսահայութեան համար կարեւոր բոլոր հանգրուաններուն, ծառայեց անոր կարեւոր բաղադրիչներուն՝ Նոր Սերունդին, ՀՅԴ-ին, Յառաջ օրաթերթին, Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժէն ետք՝ SOS Arménie-ին, բայց մանաւանդ աջ բազուկը հանդիսացաւ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի՝ Հայ առալելական եկեղեցւոյ Ֆրանսահայոց թեմի ստեղծման բարդ ու դժուարին գործին մէջ։
Ողբացեալը ամէնէն ծանօթ դէմքերէն էր Շաւիլի հայ գաղութին եւ տասնամեակներու ծառան՝ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ալ, որմէ անտարանջատելի պիտի մնայ անոր անունը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
«ՆՅ» – Մեր խորին ցաւակցութիւնները ողբացեալին ընտանիքին։
Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները ստորեւ.
Խոր ցաւով վերահասու եղանք մահուան
որ երկու ամիսէն պիտի բոլորէր իր 100-ամեակը։
Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, ժամը 13.30-ին, մեր՝ Շաւիլի եկեղեցւոյ մէջ։
Շաւիլի մեր համայնքի մեծագոյն դէմքերէն եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն՝ Գրիգոր ՓԱՓԱԶԵԱՆ գործած էր Նորվան Արք. ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ կողքին, 2007-ին Ֆրանսայի Հայոց թեմի հաստատման ի խնդիր։
Հանգիստ՝ իր հոգւոյն։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները ընտանիքին։
Շաւիլի Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ
Ծխական Խորհուրդ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։