Search
Close this search box.

Իզմիրի մէջ բացուած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան համայնք»-ի Թուրքիոյ գրասենեակը

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի Պալչովա շրջանին մէջ բացուած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան համայնք»-ի Թուրքիոյ գրասենեակը։

Բացման արարողութեան մասնակցած է Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ռեշատ Մեմետով։ Կը նշուի, որ համայնքի նպատակն է պաշտպանել,– իբրեւ թէ,–  «ներկայի Հայաստանի սահմաններուն մէջ գտնուող Արեւմտեան Ազերպայճանէն բռնի աքսորուած թուրքերու իրաւունքները»:

Իր ելոյթին դեսպան Մեմետով Հայաստանը անուանած է թուրքերու  պատմական հայրենիք։ Ան  նաեւ ընդգծած է. «Ինչպէս որ հայերը ունին Ղարաբաղ ապրելու իրաւունք, այնպէս ալ Ազերպայճանի թուրքերը իրաւունք ունին ապրելու Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի մէջ։

Մեմետով ընդգծած է նաեւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի թրքական ճարտարապետութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը»՝  նշելով, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել այդ տարածքներուն մէջ առկայ թրքական հետքերը։

Այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ասիֆ Քուրպան ըսած է, թէ ներկայացուցչութիւնը պիտի աշխատի, որպէսզի խաղաղ ճամբով ապահովուի Համայնքի վերադարձը այդ տարածքներուն մէջ։

“Մենք կ՚ուզենք վերադառնալ մեր տունը ոչ թէ զէնքով, այլ խաղաղութեամբ։ Այս ներկայացուցչութիւնը պիտի ըլլայ տեղեկատուական եւ իրազեկման կեդրոն՝ մեր ժողովուրդին համար”,– յայտնած է Քուրպան։