Աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Լիոնէլ Մեսսի, Պաքու իր այցելութեան շրջանակին մէջ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11-ին այցելած է Հեյտար Ալիեւի դամբարանը եւ խոնարհած անոր շիրիմին առջեւ։
Մեսսիի այս քայլը բնականաբար մեծ յուսախաբութիւն ու վրդովում յառաջացուցած է հայկական աշխարհին մէջ։ Շատերու համար ան այսպէսով մեղսակից դարձած կ՚ըլլայ Ազերպայճանի, որ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղասպանութեան ծանր պատասխանատւութիւնը կը կրէ իր ուսերուն։
Այնպէս կը թուի, թէ յաչս աշխարհի իր յանցագործի վարկը «բարելաւել»-ու զանազան խորամանկութիւններու ձեռնարկած Պաքու, բնապահութենէն ետք հիմա ալ ձեռք նետած է մարզական աշխարհին։ Հարցը այն է, որ շատեր,– մա՛նաւանդ մարզական աշխարհին մէջ,– տեղեակ իսկ չեն անցուդարձերէն եւ արդար ինքնաքննադատութիւն մը կատարելով՝ ատոր պատասխանատւութիւնը պէտք չէ փնտռել այլ տեղ, քան մեր մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։