Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Ֆրանսայի դեսպանը

Դեկտեմբեր 12-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան առնչուող հարցերն ու յառաջիկայ ընելիքները:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ: