Դեկտեմբեր 13-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Մոսկուա՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդական նիստին եւ քննարկելու օրակարգին արձանագրուած համարկումի, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ առցանց առեւտուրի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերը։
Ռուսաստանի նախագահի բանբերը յայտարարած էր, որ Մոսկուայի մէջ Վլատիմիր Փութինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ երկկողմ հանդիպում նախատեսուած չէ։
Ուշագրաւ է, որ մինչ Հայաստանի վարչապետի օդանաւը կը հասնէր Մոսկուա, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին շարք մը յայտարարութիւններ ըրած է Մոսկուայի մէջ Հեյտար Ալիեւի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին: Այդ յայտարարութիւնները յատկապէս կը վերաբերին խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերուն եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ գոյացած նոր համաձայնութիւններուն։ Լրատու գործակալութիւնները մէջբերած են Կալուզինի հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ փոխըմբռնում գոյացած է, թէ ինչպէս կարելի է վերականգնել Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի երկաթուղային հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման խնդիրը։ Խօսքը, այո՛, Հայաստանի՝ Սիւնիքի մարզով Ազերպայճան-Նախիջեւան ճանապարհի մասին է»։
Միխայիլ Կալուզինի համաձայն՝ Մոսկուա իր կարելին ըրած է եւ պիտի ընէ՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար, հետեւողականօրէն պիտի աջակցի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ Հարաւային Կովկասի բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու բացման հոլովոյթներուն։
Գոյացած նոր համաձայնութիւններու առնչութեամբ Երեւան եւ Պաքու տակաւին չեն արտայայտուած։
Ինչ կը վերաբերի Դեկտեմբեր 13-ի նիստին, Նիկոլ Փաշինեան օրակարգին արձանագրուած հարցերուն լաւագոյն լուծում համարած է Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։
“Առանցքային նիւթը ԵԱՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) երթեւեկութեան եւ լոժիսթիք ներուժի զարգացումն է, ուր անդամ պետութիւններու կարելիութիւնները լիարժէք չեն օգտագործուիր։ Այս համածիրին մէջ անհրաժեշտ կը նկատեմ անգամ մը եւս շեշտել Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ենթակառուցային ծրագրի կարեւորութիւնը։ Ծրագիրը հսկայական է մեր տարածաշրջանին համար։ Ան կ՚ենթադրէ շարք մը հաղորդակցութեան ուղիներու ստեղծում եւ արդիականացում։ Նշեալ ծրագիրը գործադրուելու պարագային կ՚ապահովուին երթեւեկութեան եւ առեւտրատնտեսական կապերու բարենպաստ պայմաններ՝ հետաքրքրուող բոլոր պետութիւններուն համար։ Խաչմերուկի աշխատանքի հիմքին կը գտնուի պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներուն յարգանքը”,– ըսած է Փաշինեան։
Հայաստանի վարչապետը հաստատած է, որ ԵԱՏՄ-ն կ՚ապահովէ անդամ երկիրներու տնտեսութիւններու աշխուժ զարգացումը։ Ան խօսած է նաեւ ուժանիւթի շուկայի մասին՝ նշելով, թէ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրները պէտք է փոխզիջումնային լուծումներ գտնեն այդ շուկաներու արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։ Ըստ վարչապետին՝ ԵԱՏՄ-ն ի սկզբանէ ստեղծուած է եւ կը շարունակէ զարգանալ ընդհանուր տարածքներու, այդ կարգին՝ ընդհանուր ուժանիւթի շուկայի ստեղծման տրամաբանութեամբ, սակայն գործնականին մէջ այս սկզբունքի իրագործումը դէմ-յանդիման կը գտնուի տարբեր դժուարութիւններու եւ այդ պատճառով ալ յայտարարուած որոշ նախաձեռնութիւններ իրենց տեղէն չեն շարժիր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։