Search
Close this search box.

ԼԻԲԱՆԱՆ – Միջկուսակցական ժողովը կրկին կը շեշտէ նոր մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հրամայականը

ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներու յաջորդական հանդիպումը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 13-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ողջունած են Լիբանանի մէջ զինադուլի հաստատումը եւ շեշտած, որ պատերազմի ընթացքին կուսակցութիւններու միատեղ խորհրդակցական հանդիպումներով ճշդուած աշխատանքի ուղեցոյցին հիման վրայ հայ յարանուանական եւ բարեսիրական միութիւններու համակարգուած օժանդակութեան աշխատանքները եղած են արդիւնաւէտ։ Այդ աշխատանքները համարժէք արձագանգ գտած են հայկական թաղամասերու եւ շրջաններու մերձակայքը հաստատուած գաղթականները ներկայացնող մարմիններու կողմէ։

Ապա ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկած է Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, արձանագրած անոնց շատ արագ ընթացքին հետեւանքով ստեղծուած նոր իրավիճակը եւ անոր լոյսին տակ Հալէպի, Դամասկոսի, հիւսիսային շրջանի եւ Քեսապի հայութեան վերաբերող հարցերը։

Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ռազմաքաղաքական հոլովոյթի վերլուծումը կատարելով՝ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են թրքական դերակատարութեան ծաւալման, անոր ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման առումներով։ Լուսարձակի տակ առնուած են Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահերու համընկնումի բազմաթիւ երեւոյթներ եւ իրադարձութիւններ։

Վերադառնալով լիբանանեան օրակարգին՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաստատած են, թէ Յունուար 9-ը պէտք է դառնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օր։ Քննարկելով Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու հաւանական ազդեցութիւնները Լիբանանի վրայ՝ ժողովը վերստին ընդգծած է հայ քաղաքական-հասարակական դաշտին վրայ նոր մարտահրաւէրները միասնական ճիգերով եւ համակարգուած աշխատանքով դիմագրաւելու հրամայականը։