Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Դեկտեմբեր 16-ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահի ռազմական խորհրդական, բանակի զօրավար Ֆապիէն Մանտոնի հետ: Ներկայ եղած է նաեւ դեսպան Արման Խաչատրեան։
Քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանութեան համագործակցութեան առնչուող նիւթեր: Կողմերը մանրամասնօրէն անդրադարձած են գործակցութեան բոլոր բնագաւառներուն՝ ռազմական կրթութիւն, վարժական ծրագրեր, խորհրդատւութիւն, ռազմաթեքնիք հարցեր:
Դիւանագէտները իրենց մօտեցումները ներկայացուցած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։